Monthly Archives: June 2017

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – «Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Ամիրաները» – Զեկուցող` Պետիկ Թորոսեան

Կրթական այս տարեշրջանի ատենամարզանքի վերջին պահը նուիրուած էր վերոյիշեալ նիւթին, զոր ներկայացուց վարժարանիս շրջանաւարտներէն` Պետիկ Թորոսեանը, պատկերային ցուցադրութեամբ: Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, ողջունեց Պետիկին ներկայութիւնը իր վարժարանին մէջ, ապա, կրկնակիօրէն շնորհաւորեց զինք` Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտութեան առիթով, պատմութեան մասնագիտութեամբ, իսկ իր ուսումնական յառաջդիմութեան գծով Պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելուն, նաեւ «Ապտալլահ Լահուտ»ի մրցանակին արժանանալուն համար, որուն … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – «Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Ամիրաները» – Զեկուցող` Պետիկ Թորոսեան

Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Շրջանաւարտից Մտերմիկ-Կարօտալի Հանդիպում

Հաւատարմութիւն-հարազատութիւն, յուշ-յիշատակ, երախտապարտութիւն-շնորհակալութիւն, սէր-ողջագուրում: Որոշապէս այս էր պատկերը այն ցնծալի երեւոյթին, որ պարզուեցաւ Ուրբաթ, 2 Յունիս 2017, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի ընդարձակ հանդիսասրահէն ներս, երբ Շրջանաւարտից Օժանդակ Յանձնախումբը կազմակերպած էր մտերմիկ հանդիպում մը` իր շրջանաւարտներուն ու սաներուն հետ, հովանաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին: Իրաւամբ, խուռներամ էր սրահը` շրջանաւարտներով ու սաներով, որոնք փութացած … Continue reading Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Շրջանաւարտից Մտերմիկ-Կարօտալի Հանդիպում

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան – Դէպի Պշարրի Ալ-Արզ

Փաթիլ Պէքարեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողիկ Տարագճեան Առաւօտեան ժամը 7:30 էր, երբ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները բարձրացան փոխադրական կառքերը, ուղղուելու դէպի Պշարրի գիւղը՝Ժիպրան Խալիլ Ժիպրանի թանգարանը այցելելու, որմէ ետք բնութեան մէջ օր մը անցնելու համար պիտի երթայինք Պշարրի գիւղին վրայ նստող՝ Արզի ծառերուն քով։ Խանդավառ մթնոլորտով մը … Continue reading ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան – Դէպի Պշարրի Ալ-Արզ

AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School – Field Trip to “Bsharri-Al Arz”

By Vana Georgian (Grade 10S) Teacher: Mrs. Shoghig Darakjian On the 26th of May, we finally went to our annual trip. Grades 10 and 11 visited “Bsharri- Al Arz” and Gibran Khalil Gibran’s museum.   The two places were very astonishing and breathtaking. During our time in the museum, we learned so much about the … Continue reading AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School – Field Trip to “Bsharri-Al Arz”

Ծնողական Խրատ մը

Նարին Սէրայտարեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան Ծնողքս՝ աղքատ մանկութիւն մը ապրած է եւ բախտն ու առիթը չէ ունեցած ուսանելու, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ յաճախելու, այլ պատանեկութենէն հայրս ու մայրս նետուած են շուկայի վիթխարի աշխարհն ու սկսած են կեանքի եւ գոյութեան ծանր պայքարը: Պատանի հասակէն՝ նիւթապէս օգնած են իրենց … Continue reading Ծնողական Խրատ մը

Մայրական Խրատ մը

Փաթիլ Պէքարեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան «Ւնչ որ ցանես, այն կը hնձես» Ահա իմաստալից խօսք մը, որ մայրս յաճախ կը կրկնէ: Անձամբ ես կեանքը իրպաշտօրէն կը դիտեմ,կը զգամ այս խօսքին իմաստը եւ կ՝ափսոսամ ,որ այս խրատը լրջօրէն չեմ կիրարկած ։ Մայրս ամէն առիթով կը պատմէ մեր մեծ … Continue reading Մայրական Խրատ մը

Մանկութեան Տունս

Գառնի Պուճանեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան Հազիւ 6 տարեկան էի, երբ մանկութեանս տունէն ստիպուեցանք փոխադրուիլ մեր ընտանիքին անդամներուն ճաշակը բաւարարող աւելի յարմարաւէտ տուն մը: Ճիշդ է ,որ ֆիզիքապէս տեղափոխուեցանք, բայց հոն մնաց տաքուկ յիշատակներով լի մանկական հոգիս: Երբեմն կը յիշեմ այդ տան մէջ՝ մեր ազգականներով ու բարեկամներով … Continue reading Մանկութեան Տունս

«Մեր Ջերմիկ Տունը» – Մեկնելով Աւետիս Ահարոնեանի «Հայրենի Տուն» Պատմուածքէն

Փաթիլ Պէքարեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան Գիւղական տուն մըն էր, այո, շատ լաւ կը յիշեմ, ուր մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս հասակ առին։ Այսօրուան պէս էր կարծես, կը յիշեմ անոր  տարօրինակ շինարարութիւնը, որ գաղտնի սենեակի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր այցելուներուն վրան: Այն տունը, որուն հասնելու համար պէտք  էր հնամենի … Continue reading «Մեր Ջերմիկ Տունը» – Մեկնելով Աւետիս Ահարոնեանի «Հայրենի Տուն» Պատմուածքէն

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարժարաններ – Հաղորդակցութեան (communication) Կարեւորութիւնը – Զեկուցող` Միշէլ Աքրա

Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարաններու Տնօրէնութիւնը  եւ ուսուցչական կազմը, ի շարս ատենամարզանքային բազմատեսակ ու բազմաբնոյթ միջոցառումներուն, նաեւ հետամուտ են մեր աշակերտութիւնը զինելու ու զարգացնելու այնպիսի նիւթերով ու զեկուցումներով, որոնք առ հասարակ ունին ընկերային, դաստիարակչական ու գիտելիքային բովանդակութիւններ, համապատասխան ընկերութիւններու կամ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ հրաւիրելով: 30 Մայիս 2017ին, մեր վարժարանի ուսուցչուհիներէն` Տիկ. Շողիկ Տարագճեանի նախաձեռնութեամբ, աշակերտութեան հետ գործնական հանդիպում-զրոյցի մը … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարժարաններ – Հաղորդակցութեան (communication) Կարեւորութիւնը – Զեկուցող` Միշէլ Աքրա

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Գովելի Զրուցավարութիւն-Ցուցադրութիւն Մը

Վարժարանիս 2րդ, 3րդ եւ 4րդ դասարաններու աշակերտները, 24 Մայիս 2017ին, իրենց անգլերէնի ուսուցչուհի` Տիկ. Ռիթա Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ եւ ուղեկցութեամբ, պատրաստած էին հետաքրքրական պատկերաւորութիւն-զրուցավարութիւն մը (անգլերէնով) եւ տեսերիզային դաստիարակչական ցուցադրութիւն մը (անգլերէնով): Աշակերտներէն խումբ մը  ընթերցեցին կտոր մը, մատչելի արտասանութեամբ ու հնչեղութեամբ, որ նուիրուած էր զանազան գիտելիքային ու զարգացումի կարօտ նիւթերու, որոնք առընչուած էին աշխարհագրական, կենդանաբանական, … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Գովելի Զրուցավարութիւն-Ցուցադրութիւն Մը

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Մտերմիկ Հանդիպում` Շրջանաւարտ Բժ. Տիգրան Աբրահամեանի Հետ

Վարժարանս, իր ատենամարզանքի այլազան միջոցառումներու կողքին, յատուկ տեղ կը յատկացնէ նաեւ իր նախկին շրջանաւարտներուն ու սաներուն հետ կազմակերպելով հանդիպումներ, անոնք ըլլան Լիբանանէն թէ արտասահմանեան երկիրներէն: Այս անգամ, հիւր-շրջանաւարտն էր` բժիշկ Տիգրան Աբրահամեան, նախկին լիբանանահայ, այժմ` Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն բնակիչը: Հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան վերի կարգերու ուսուցիչ` Պրն. Պարոյր Աղպաշեան, որ վաղեմի բարեկամն ու մերձաւորն … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Մտերմիկ Հանդիպում` Շրջանաւարտ Բժ. Տիգրան Աբրահամեանի Հետ

A rare gift to the AGBU Tarouhy-Hovagimian School by Dr. Armen Demirjian

The AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School received a rare gift during the Alumni gathering on Friday, the 2nd of June 2017, at the Zabel Movsessian Hall. Mr. Haig Messerlian, a former student of our school, presented a 65-year-old basketball uniform kept in perfect condition by the donor, Dr. Armen Demirjian of Chicago. Mr. Messerlian presented the uniform … Continue reading A rare gift to the AGBU Tarouhy-Hovagimian School by Dr. Armen Demirjian

«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն»

Նարեկ Կարապետեան (7-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան 111 տարիներէ ի վեր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կ’աշխատի Հայ ժողովուրդին ազգային  դիմագիծի պահպանման եւ այլազան մարզերով կը պայքարի Հայաստանէն դուրս հայ մարդուն գոյութեան յարատեւման: Ես շատ կը սիրեմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որովհետեւ հնարաւորութիւ տուած է ինծի հասակ առնելու հայկական ապահով … Continue reading «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն»

Արեւմտահայ Լեզուի Նահանջը

Վաչէ Չըլտըրեան (9-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան Անցեալ դարագլխուն, հայ խիզախ քաջորդիներ նահատակուեցան` մեր ազգը, լեզուն  եւ ինքնութիւնը փրկելու համար, բայց ճակատագիրն այնպէս բերաւ, որ արեւմտահայ հատուածը սփռուեցաւ աշխարհի չորս դին եւահա արմատներէն խլուելու ադրիւնքը մեծապէս նպաստեց մեր լեզուի եւ բարքերու  նահանջին: Անհրաժեշտ է լուրջ միջոցներ  ձեռնարկել ապահովելու համար … Continue reading Արեւմտահայ Լեզուի Նահանջը

Մեր Հարազատ Միութիւնը

Համբիկ Մարտիրոսեան (7-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնադրուած է Պօղոս Նուպար Փաշայի կողմէ 1906-ին Գահիրէի մէջ եւ ճիւղաւորուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հ.Բ.Ը.Միութեան նշանաբանն է «Միութիւնը Զօրութիւն է», ան օգնած է հայ ժողովուրդին նիւթապէս եւ բարոյապէս բանալով վարժարաններ, հիւանդանոցներ , այրիանոցներ, որբանոցներ եւ այլն: Շատ … Continue reading Մեր Հարազատ Միութիւնը

ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Ս. Պսակ Եւ Հարսանիք

Հինգշաբթի, 4 Մայիսին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտներն ու ծնողները հրաւիրուած էին Ս. Պսակի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ վարժարանիս սրահին մէջ: Նախաձեռնութեամբ Օրդ. Ռէն Սաքրի և մասնակցութեամբ Գ. դասարանի աշակերտներուն, կազմակերպուած ատենամարզանքը կը միտէր մեր աշակերտներուն Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր համայնքներու և կրօնքներու, պսակի և հարսանիքի արարողութիւնները ծանօթացնել, նշելով իրաքանչիւրին սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Արդարեւ … Continue reading ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Ս. Պսակ Եւ Հարսանիք

ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Ֆութպոլի Մրցաշարք

2017 տարեշրջանին վարժարանիս Տնօրէնութիւնը կազմակերպեց այլազան մարզական խաղեր և մրցոյթներ, որոնք կը միտին զարգացնել մեր աշակերտներուն ֆիզիքական կարողութիւններն ու կը կոփեն անոնց՝ առողջ մրցակցութեան ոգիով: Մարզական յայտագիրներու ծիրէն ներս, Մայիսին կազմակերպեցինք միջ-դասարանային ֆութպոլի մրցաշարք. աշակերտները ըստ տարիքի, խումբերու բաժնուեցան և մրցեցան իրարու դէմ:  Խաղերը տեղի ունեցան հաճելի և զուարճալի մթնոլորտով և մարզական բարձր ոգիով: Աւարտին … Continue reading ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Ֆութպոլի Մրցաշարք

ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Մայրերու Օր

Հինգշաբթի, 18 Մայիսին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Ե. կարգի աշակերտները գեղեցիկ ձեռնարկով մը պատուեցին իրենց մայրերը: Արդարեւ Ե. կարգի տաղանդաւոր աշակերտները զանազան պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով իրենց  սէրը յայտնեցին մայրերուն: Յայտագիրը սկսաւ փունջ մը հայկական և օտար պարերով, որոնք հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս: Ապա երգեցին «Իմ Անուշ Մայրիկ» երգը որմէ ետք ներկայացուցին իմաստալից … Continue reading ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Մայրերու Օր

«Ալաան» Հեռուստակայանի Այցելութիւնը Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան

Չորեքշաբթի, 17 Մայիսին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը այցելեցին Ալաան հեռուստակայանի թղթակիցները, որոնք Լիբանանի մէջ, հայկական գաղութին մասին տեսահոլովակ մը պիտի պատրաստէին: Անոնք նախ հանդիպում ունեցան վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Պալեօզեանի հետ և կարճ հարցազրոյցէ մը ետք, այցելեցին չորրորդ դասարանը և նկարահանեցին հայերէն լեզուի դասաւանդման պահ մը:  Ապա այցելեցին ութերորդ դասարանը և ականատես եղան արաբերէն լեզուի … Continue reading «Ալաան» Հեռուստակայանի Այցելութիւնը Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան