Ծնողական Խրատ մը

Նարին Սէրայտարեան (10-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան)

Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան

Ծնողքս՝ աղքատ մանկութիւն մը ապրած է եւ բախտն ու առիթը չէ ունեցած ուսանելու, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ յաճախելու, այլ պատանեկութենէն հայրս ու մայրս նետուած են շուկայի վիթխարի աշխարհն ու սկսած են կեանքի եւ գոյութեան ծանր պայքարը: Պատանի հասակէն՝ նիւթապէս օգնած են իրենց համեստ ծնողներուն, ահա ճիշդ այս պատճառով է, որ ծնողներս կը քաջալերեն մեզի, որ փառք տանք Աստուծոյ մեր ներկայ պայմաններուն համար: Փառք տանք մեր առաւելութիւններուն, որմէ իրենք բոլորովին զրկուած էին: Անոնք այս օրերուն տքնանքով կ՝աշխատին մեր բոլոր պէտքերն ու կարիքները ապահովելու: Մեզմէ կ՝ակնկալեն ,որ մենք ըլլանք ուսեալ եւ միջավայրի մէջ մենք մեզ պարտադրող եւ մեր գիտակցութեամբ յարգուած մարդիկ:

«Պէտք է անպայման ուսանիք,որպէսզի մեր դժուար վիճակը չապրի՛ք» ահա այս ծնողական խրատը փոքր տարիքէս քանդակուած է սրտիս եւ մտքիս մէջ և ամէն օր ինծի կը մղէ ,որ դասերս մեծ թափով շարունակեմ սորվիլ և ծնողներուս միակ երազը անպայման իրականացնեմ։

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *