Monthly Archives: December 2020

«Հոգեբանական Ազդակները Լուսարձակի Տակ» (Հոգեբան-աշակերտութիւն հանդիպում)

Տիրող կացութիւնը, ամենուրէք, իր թանձրացող ու  հեղձուցիչ տխուր պատկերներով, կլանած է համայն մարդկութիւնը, պատճառելով բազմաբնոյթ ու բազմատեսակ աղէտներ: Լիբանանցիք եւս, որոնց շարքին լիբանանահայութիւնը, կ’անցնին այս դժնդակ պայմաններէն, մանաւանդ նոր սերունդը՝ աշակերտութիւն և ուսանողութիւն, որոնք կը դիմագրաւեն, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, հոգեբանական տագնապներ, իրենց զանազան արտայայտութիւններով և ախտաերեւոյթներով: ՀԲԸ Միութեան պատասխանատուները ու տնօրէնութիւնը, քաջ գիտակցելով հոգեբանական ազդակներու … Continue reading «Հոգեբանական Ազդակները Լուսարձակի Տակ» (Հոգեբան-աշակերտութիւն հանդիպում)

Առցանցային Զեկուցում՝ Արցախի Մասին – Զեկուցող՝ Պրն. Շիրազ Ճերեճեան

Արցախեան հարցը, իր գոյամարտով և յետագայ զարգացումներով, մանաւանդ Շուշիի և յարակից շրջաններու ճակատագրուած դաժան ու տխուր հետեւանքներով, կլանած է ամբողջ հայութիւնը: Տագնապը ընդհանուր էր, մտահոգութիւնը՝ համատարած, ցաւը՝ աննկարագրելի:  Իւրաքանչիւր հայ, ո´ւր որ ալ գտնուէր, ի´նչ պատկանելիութիւն ալ ունենար, առանց տարիքի սահմանափակութեան, կը հետեւէր Արցախին պարտադրուած ճնշումներուն, շրջափակումներուն և անոնցմէ առաջացած մարդկային և ընկերային հարուածներուն: ՀԲԸ … Continue reading Առցանցային Զեկուցում՝ Արցախի Մասին – Զեկուցող՝ Պրն. Շիրազ Ճերեճեան