Monthly Archives: December 2014

Աշակերտութիւնը կը ներկայացնէ` «Ապշեցուցիչ Վայրեր»

  16 Դեկտեմբեր 2014ի ատենամարզանքի պահը յատկացուած էր խիստ հետաքրքրական նիւթի մը, իր մէջ ընդգրկելով աշխարհագիտական, բնութենական, պատմական կամ ջրատարածքային ուշագրաւ նորութիւններ եւ երեւոյթներ, որոնց գիտելիութիւնը մեծապէս կը նպաստէ աշակերտութեան ընդհանուր զարգացման: 10րդ գիտական դասարանի աշակերտները, որոնք բեմ բարձրացան, իւրաքանչիւրը ընտրած էր համապատասխան նիւթ մը, համացանցին մէջ փնտռելով ու պրպտելով տեղեկութիւններ ու գիտելիքներ, «Power Point»ի միջոցով … Continue reading Աշակերտութիւնը կը ներկայացնէ` «Ապշեցուցիչ Վայրեր»

Շահեկան Դասախօսութիւն` Ատամներու առողջապահութեան մասին

Առողջապահութիւնը, իր զանազան մասերով, բաժիններով ու դրսեւորումներով, առաջնահերթութիւն մըն է մեր նոր սերունդին համար, որուն գիտելիքային, փորձառական ու դաստիարակչական ձեռքբերումները անհրաժեշտութիւն մըն են:   Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանը, իր ճոխ ու բազմաբնոյթ ատենամարզանքներու կողքին, նաեւ պահեր կը տրամադրէ մեր աշակերտութեան առողջապահական հոգատարութեան ու կարիքներու բացատրութեան ու լուսաբանութեան: 9 Դեկտեմբեր 2014ը այդպիսի օգտաշատ պահ մը ստեղծելու առիթ եղաւ, … Continue reading Շահեկան Դասախօսութիւն` Ատամներու առողջապահութեան մասին

Հայրենական շրջապտոյտը` աշակերտական դիտարկումով

Անցեալ ամառ, մեր աշակերտներէն 20 հոգի Հայաստան այցելած էին ու վայելած հայրենիքի բարիքները-տեսարժան վայրեր, պատմական յուշակոթողներ, մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ եւ ազգային այլ կառոյցներ, այդ բոլորին մասին իրենց տպաւորութիւնները տալով «Խօսնակ» ամսագրին մէջ, ընդարձակ թղթակցութիւն-նկարագրութեան մը գրառութեամբ: Ահաւասիկ այս յիշարժան շրջապտոյտին լրացուցիչ մէկ օղակը հանդիսացաւ, մասնակից աշակերտութեան ատենամարզանքային այն ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ 2 Դեկտեմբեր … Continue reading Հայրենական շրջապտոյտը` աշակերտական դիտարկումով

Լիբանանի Անկախութեան տօնը Գովերգող ձեռնարկներ

Այս տարի, Լիբանանի անկախութեան տօնը նշուեցաւ իւրայատուկ յայտագիրով մը, 25 Նոյեմբեր 2014ին, որ հիացմունքը պատճառեց տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան, իր ճոխութեամբ, կատարողութեամբ եւ ինքնատպութեամբ: Աշակերտութիւնը, որ ամբողջութեամբ ինքն էր դերակատարը այս ձեռնարկին յաջողութեան, իր երգեցողութեամբ, արտասանութեամբ ու պարերով, անկախութեան հանդիսութեան տուաւ ուշագրաւ երանգ մը, նախ` ցոյց տալով իր տարբեր կարողութիւններուն շնորհները, ապա` ծննդավայր հայրենիքին նկատմամբ … Continue reading Լիբանանի Անկախութեան տօնը Գովերգող ձեռնարկներ

A Field Trip to the Lebanese Heritage Museum

By Hagop Kasparian (Grade 9) On November 21, 2014, Mrs. Shoghig Darakjian took the ninth grade of our school on a field trip to the Lebanese Heritage Museum, at Ain Najm, Beit-Mery. The museum highlights Lebanon’s rich history and culture, and it consists of fourteen halls, which our guide Mrs. Yvette Sfeir escorted us through, … Continue reading A Field Trip to the Lebanese Heritage Museum

Պտոյտ մը դէպի Լիբանանեան «Ժառանգութեան» Թանգարան

Վահագն Չլտըրեան (9-րդ դասարան) 21 Նոյեմբեր 2014-ին, 9-րդ դասարանը Տիկ․ Շողիկ Տարաքճեանին հետ այցելեցին Լիբանանեան «Ժառանգութեան» Պատմական Թանգարանը։ Հոն՝ մեզ ընդունեց ուղեցոյցը եւ մեզի առաջնորդեց թանգարանէն ներս եւ բացատրութիւններ տուաւ Լիբանանի տարբեր ժամանակաշրջաններուն մասին։ Նախ մեզի բացատրեց Փիւնիկեցիներուն մասին, որոնք հռչակաւոր եղած են իրենց կարմիր-մանիշակագոյն ներկով, որ կ՚ արտադրուէր «Միուրեքս» խխունջներէն։ Նաեւ պատմեց բացատրեց Փիւնիկեցիներուն … Continue reading Պտոյտ մը դէպի Լիբանանեան «Ժառանգութեան» Թանգարան