Շահեկան Դասախօսութիւն` Ատամներու առողջապահութեան մասին

Առողջապահութիւնը, իր զանազան մասերով, բաժիններով ու դրսեւորումներով, առաջնահերթութիւն մըն է մեր նոր սերունդին համար, որուն գիտելիքային, փորձառական ու դաստիարակչական ձեռքբերումները անհրաժեշտութիւն մըն են:

DSC_0235

 

Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանը, իր ճոխ ու բազմաբնոյթ ատենամարզանքներու կողքին, նաեւ պահեր կը տրամադրէ մեր աշակերտութեան առողջապահական հոգատարութեան ու կարիքներու բացատրութեան ու լուսաբանութեան:

9 Դեկտեմբեր 2014ը այդպիսի օգտաշատ պահ մը ստեղծելու առիթ եղաւ, այս անգամ առողջապահութեան մարզէն ներս ատամներու խնամքին մասին մասնագիտական դասախօսութիւն մը կազմակերպելով:

DSC_0240

 

Արդարեւ, վարժարանիս գիտական ակումբը (Science Club), զոր կը գլխաւորէ վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Շողիկ Տարագճեան, իր ծրագրին մէջ ներառած էր առողջապահական այս մարզը, որուն համար, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան հետ կապ հաստատելով, հրաւիրած էր ատամնաբոյժ Ալինա Մինասեանը, որ հանդէս գայ դասախօսութեամբ:

DSC_0239

  Ակումբին անունով խօսք առաւ 11րդ դասարանի աշակերտուհի` Լարա Պետոյեան, որ դասախօսութեան նպատակին ու դասախօսուհիին մասին տեղեկութիւններ տուաւ, որմէ ետք` ատամնաբուժուհին, “Power Point”ի տեսաերիզումով, խիստ շահեկան զեկուցում մը ներկայացուց, հասկնալի ու հաղորդական ոճով մը, որ աշակերտութեան համար կենսական ու լուսաբանական էր, անոր հետեւելու եւ անկէ օգտուելու նպատակով, կանխարգիլելու համար անբաղձալիութիւններ:

Վստահաբար, այս դասախօսութիւնը, լաւագոյն առիթներէն մէկն էր, որ մեր աշակերտութիւնը գիտակցի, թէ ակռաներու առողջապահութիւնը եւ անոնց խնամքը որքան անհրաժեշտութիւն մըն են, ունենալու համար առողջ եւ բնական ատամներ, հեռու փտածութենէ եւ այլազան ատամնային հիւանդութիւններէ:

DSC_0234  Կարեւոր է նշել, որ Գարակէօզեան հաստատութիւնը պատրաստած էր նաեւ “պրոշիւռ” մը, ուր պատկերազարդ ու դիպուկ կէտերով կը ներկայացուին ակռաներու փտումը կանխարգիլող յորդորներ:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան մեծապէս գնահատեց դասախօսական այս միջոցառումը, որ նոր սերունդին առողջապահութեան համար անհրաժեշտութիւն մըն է, աշակերտութեան թելադրելով հետեւիլ ու գործադրել բժշկական ցուցմունքները:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *