Monthly Archives: November 2017

Արտադասարանային Պտոյտ Դէպի “Սըրսոք” Թանգարան

Յակոբ Գասպարեան (12րդ Ընկերատնտեսական Դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողիկ Տարաքճեան «Նիքոլաս Իպրահիմ Սըրսոք» Թանգարանը հիմնուած է 1961 թուականին՝ Պէյրութի կեդրոնին մէջ: Ժամանակակից արուեստի թանգարան է, որ կը հաւաքէ, կը պահպանէ եւ կը ցուցադրէ տեղական եւ միջազգային արուեստի նմոյշներ: Իր հաւաքածոներուն, արխիւներուն, ցուցահանդէսներուն եւ հասարակական ծրագիրներուն միջոցով` թանգարանը նպատակ ունի արուեստի … Continue reading Արտադասարանային Պտոյտ Դէպի “Սըրսոք” Թանգարան

A Field Trip to the “Nicholas Sursock Museum”

Cynthia Antossian (Grade 12LS – AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School) Teacher: Mrs. Shoghig Darakjian On Friday, the 17th of November, Mrs. Shoghig Darakdjian took us, the 12th grade students, on a wonderful field trip to ‘Sursock Museum’. “Sursock Museum”, officially known as the “Nicolas Ibrahim Sursock Museum”, is a modern and contemporary art museum in Beirut, … Continue reading A Field Trip to the “Nicholas Sursock Museum”

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Բժշկագիտական Դասախօսութիւն – Բժ. Ռաֆֆի Շիր Յակոբեան

Նոր սերունդը, այս պարագային աշակերտութիւնը, անհրաժեշտ է պարբերաբար տեղեակ պահել բժշկական տարրական գիտելիքներէ, որոնք կ՛առընչուին իր առողջութեան հետ եւ թէ՝ ինչպէս կրնայ առաջքը առնուիլ վտանգաւոր հետեւանքներէ, ի հարկին, անմիջապէս դիմելով մասնագէտ բժիշկներու: Ահաւասիկ, ուղղակի ծանօթանալու համար, քիթ-կոկորդ-ականջի ֆիզիքական կառուցուածքին, անոնց մէջ առաջացած վնասուածքներուն կամ ցաւերուն եւ զանոնք կանխարգիլելու միջոցներուն, 10 Նոյեմբեր 2017ին, դպրոց հրաւիրուած էր … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Բժշկագիտական Դասախօսութիւն – Բժ. Ռաֆֆի Շիր Յակոբեան

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան – Դաստիարակչական Յաջող Նախաձեռնութիւն Մը

Յակոբ Ճուլֆայեան (9րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողիկ Տարաքճեան Աշակերտին դաստիարակելու և օգտաշատ ուսում ջամբելու նիւթին շուրջ, տարեկան զանազան երկիրներու մէջ՝ կը գումարուին զանազան համագումարներ, որոնք նոր մեթոտներ մէջտեղ կը բերեն ի խնդիր աշակետին բարելաւման,ինչպէս նաեւ մտաւոր զարգացման: Հայկական վարժարանները` իրենց բազմավաստակ ու հարուստ փորձառութեան շնորհիւ, միշտ եղած են օգտակար` … Continue reading ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան – Դաստիարակչական Յաջող Նախաձեռնութիւն Մը

A Wonderful Day at the Lebanese Museum of Prehistory

By Celesta Koukejian (Grade 9 – AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School) Teacher: Mrs. Shoghig Darakjian On Friday, the 3rd of November, our wonderful Biology teacher, Mrs. Shoghig Darakjian, took us on a field trip to the Lebanese Prehistory Museum. When we arrived, there were two guides waiting for us. As we entered the museum, we were fascinated … Continue reading A Wonderful Day at the Lebanese Museum of Prehistory

While There Is Life, There Is Hope

Hagop Kasparian (Grade 12SE – AGBU Tarouhy-Hovagimian Sec. School) Teacher: Mr. Avedis Tchakmakian A beautiful and vibrant city that used to be characterized by its power and glory, Beirut has survived and remained resilient throughout many of the catastrophes that it has faced, and as a result is now undergoing a thorough, overhauling process of … Continue reading While There Is Life, There Is Hope

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Վերամուտը

Բարե՛ւ, դպրոց մեր թանկագին, Վերադարձանք քեզի կրկին Գիւղէն, ծովէն, պտոյտներէն, Ամառնային արձակուրդէն: Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ի առաւօտեան Մանկապարտէզին մուտքն ու դասարանները զարդարուած երփներանգ փուչիկներով եւ պատկերներով՝ պատրաստ էին դիմաւորելու սիրասուն մանուկները: Ճիշդ ժամուն հնչեց առաջին զանգը աւետելով 2017-2018 ուսումնական  տարուան վերամուտը: Մանկապարտէզի աշակերտները շարուելէ ետք աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք … Continue reading ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Վերամուտը

ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Բարի Վերամուտ Կարմիրեանի Մեծ Ընտանիքին

Երեքշաբթի, 26  Սեպտեմբեր  առաւօտեան  ժամը  7:30-ին  դարձեալ  հնչեց  Հ.Բ.Ը.Մ. ի  Պօղոս  Գ.  Կարմիրեան  վարժարանի  զանգը,  ուսումնական  նոր  տարեշրջանի  մը  ուրախալի  սկիզբը  յայտարարելով: Այս  տարեշրջանը  պիտի  արձանագրուի  վարժարանի  տարեգրութեան  մէջ, իբրեւ  նոր  նուաճումներու  տարի,  որովհետեւ մեր  վարժարանի  Ա.  կարգի  աշակերտները  պիտի  ըլլան  այն  բախտաւորներէն,  որոնց կրթական ծրագիրը  պիտի  իրագործուի արդիական iPad-ներու օգտագործմամբ: Կարմիրեան  վարժարանը  այս  տարի  … Continue reading ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – Բարի Վերամուտ Կարմիրեանի Մեծ Ընտանիքին

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն` ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանէն Ներս

Հինգշաբթի  19  Հոկտեմբերին,  Հ.Բ.Ը.Մ-Ի Պօղոս  Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  աշակերտները  գեղարուեստական  կոկիկ  յայտագիրով  մը  վերանորոգեցին  մայրենի  լեզուի  հանդէպ  իրենց  ուխտը: Բացման խօսքը  եւ  օրուան  խորհուրդը  փոխանցելու  համար  բեմ  բարձրացան  Է. կարգէն՝ Մէրի Նաճարեանը, Մէյրի  Կէպէնլեանը  եւ Կայէլ  Էլսուէյտին, անոնք  իրենց  խօսքին  ընդմէջէն  հակիրճ  փոխանեցին   օրուան  խորհուրդը  եւ  աւելցուցին ըսելով, թէ  հայ  ժողովուրդը  պատմութեան  ընթացքին ունեցած է  … Continue reading Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն` ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանէն Ներս

ՀԲԸՄի Վարժարաններու Աշակերտները Մրցանակներու Կ՛արժանանան

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ՝ «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ Վարժարաններու 2017-ի Պրէօվէի քննութիւններուն «Շատ Լաւ» եւ «Լաւ» յիշատակութիւն արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Լիբանանահայ Վարժարաններու այլ աշակերտներու կողքին՝ մրցանակներու արժանացան ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան եւ Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարաններու սաներ՝ Լոռի Փոլաճեանը («Լաւ» յիշատակութեամբ), Անայիս Տէօրտիւլեանը («Լաւ» յիշատակութեամբ), … Continue reading ՀԲԸՄի Վարժարաններու Աշակերտները Մրցանակներու Կ՛արժանանան

Մետաքսի Թանգարանը

Արաքս Էլմայեան (10-րդ Գիտական Դասարան) Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողիկ Տարաքճեան Մեր դպրոցական տարիներու ընթացքին մասնակցած ենք տարբեր պտոյտներու, որոնք շատ հաճելի եղած են : Այս անգամ մեր սիրելի ուսուցչուհին՝ տիկ. Շողիկը, մեզի տարաւՊսուս, ուր այցելեցինք մետաքսի հետաքրքրական թանգարանը: Այս թանգարանին մէջ անցեալին մետաքս կը շինուէր,սակայն աւելի ուշ՝ գործերը կը դադրին եւ շէնքը կը վերածուի գեղեցիկ … Continue reading Մետաքսի Թանգարանը

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Աշխարհապատմական Գիտելիքներ

3 Նոյեմբեր 2017ին, 10րդ դասարանը, ատենամարզանքի պահուն, ներկայացուց հետաքրքրաշարժ ու հաճելի յայտագիր մը, որ նուիրուած էր աշխարհատարած այն հրաշագեղ ու սքանչազարդ տեսարաններուն, որոնք, իրօք, բացառիկ էին ու մեծապէս տպաւորիչ: Արդարեւ, աշակերտներ` Աբրահամեան Զօհրապ, Խաչատուրեան Նայիրի, Խաչատուրեան Սէրլի, Կէօքճեան Ռոյ, Մարգարեան Սելա, Մսըրլեան Տեսիլ, Փափազեան Մարիան, եւ Չլտրեան Վաչէ, յաջորդաբար, բեմ բարձրանալով, անգլերէն լեզուով, ներկայացուցին ու … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Աշխարհապատմական Գիտելիքներ

Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Նկարագրակերտում ու Մարդակերտում (Կողմնորոշումի Պատասխաններով)

Այս տարեշրջանին ատենամարզանքային պահերը, ընկերային, նկարագրային ու ծրագրային կայացումներով, աւելի արդիւնաւէտական, դաստիարակչական եւ ուսանելիական դարձնելու համար, տնօրէնութիւնը անոնց նոր որակ ու բովանդակութիւն տալու նախանձախնդրութենէն մղուած, անհրաժեշտ նկատած էր նոր եւ արդիական մօտեցումներով զանոնք մատուցել: Այս նախանձախնդրութիւնը կը բխէր անկէ, որ նոր սերունդին հետ պէտք է վերաբերիլ բացատրողական ու հաղորդական այդպիսի ոճով, նախ` զինք հետաքրքրելու, ապա` … Continue reading Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Նկարագրակերտում ու Մարդակերտում (Կողմնորոշումի Պատասխաններով)

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Սրբոց Թարգմանչացի Հոգեցունց Նշում

Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը, աշակերտական արժանավայել կատարողութեամբ, նշուեցաւ 20 Հոկտեմբեր 2017ին, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մեծադիր նկարի օրհնաբեր հայեացքներուն տակ: Բացման խօսքը, գեղեցիկ ոճով մը, ներկայացուց աշակերտուհի9 Փաթիլ Պեքարեան (11րդ դասարան), որուն յաջորդեց Յակոբ Ճուլֆայեան (9րդ դասարան), հոյակապ հնչեղութեամբ, բառապաշարով ու բացատրողական գիտելիքներով, անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնի էութեան, Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտարարութեան եւ ընդհանրապէս ժամանակաշրջանի նկարագրութեան, մերթ ընդ մերթ, … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Սրբոց Թարգմանչացի Հոգեցունց Նշում

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Վերամուտեան Ա. Հանդիպում

Նազարեան Վարժարանի վերամուտեան առաջին աշակերտական հաւաքը, ատենամարզանքային հանդիպումով, տեղի ունեցաւ 3 Հոկտեմբեր 2017ին, աշակերտական-ուսուցչական ջերմ տրամադրութեամբ: Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան եւ Տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան սրտբացօրէն ողջունեցին աշակերտութիւնը ու բարի գալուստ մաղթեցին անոր: Այնուհետեւ, Պրն. Վասիլեան, մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ վարժարանիս կարգուսարքին, օրէնքներու կիրարկման եւ կանոններու գործադրութեան մասին, զանոնք նկատելով, ուսումնական կեանքի կողքին, անհրաժեշտ գիտելիքներ, … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Վերամուտեան Ա. Հանդիպում

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Հոգեպարար տօնը՝ Սրբոց Թարգմանչաց

Թարգմանչաց տօնը այն պահն է, երբ մեր աշակերտութիւնը կ՛ապրի զայն, անհամբեր կը սպասէ անոր նշման, որովհետեւ գիտէ անոր առընչութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Գիրերու գիւտին հետ, դասագիրքերէն թէ իր ուսուցիչներէն ծանօթ ըլլալով անոր: 17 Հոկտեմբեր 2017ին, Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ այս ոգիով ու խանդավառութեամբ, աշակերտական ճոխ յայտագիրով մը, որուն պատրաստութեան ու հետեւողութեան մէջ շնորհակալ աշխատանք տարած էր … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Հոգեպարար տօնը՝ Սրբոց Թարգմանչաց

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարաններու Մէջ՝ iPadի Գործածութեան Օգտաշատ Հնարքները

Կրթական այս տարեշրջանին, ուրախալի ու գովելի է, որ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լեւոն Կ. Նազարեան ու Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարաններուն մէջ, առաջին դասարաններուն համար, որոշուած է գործածել iPadի դրութիւնը, փոխարինելով դասագիրքերը: Այս օգտաւէտ ու նպաստաւոր դրութեան հասնելու եւ որդեգրելու համար, Միութեան կրթական պատասխանատուները բաւական ժամանակ տրամադրեցին, զայն դնելու համար ամուր հիմերու վրայ, ի նպաստ աշակերտութեան ուսուցման բարօրութեան: Հաւատք … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարաններու Մէջ՝ iPadի Գործածութեան Օգտաշատ Հնարքները

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Խանդավառ Վերամուտ

Աշակերտութիւնը անհամբեր էր իր վարժարանը փութալու, ոչ անպայման իր դասերուն ու դասաւանդութեան նուիրուելու համար, այլ նաեւ՝ հանդիպելու իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն (նախկին թէ նոր), իր սիրեցեալ ուսուցչակազմին, դասարանային կեանքին վերադառնալու եւ ընդհանրապէս վերապրելու անոր դպրոցական մթնոլորտը: Այս զգացումներով աշակերտութիւնը վերսկսաւ իր ուսումնական գործունէութեան, մեծ խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ, կրթական տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտելու ակնկալութեամբ: Առաջին օրը յատկանշական էր, որովհետեւ … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Խանդավառ Վերամուտ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեանի Մանկապարտէզ – Տարեմուտի Կենսուրախ Մթնոլորտ

Ապահովաբար, իւրաքանչիւր կրթական տարեմուտի ամենէն անհամբերները մանկապարտէզի երեխաներն են, որոնցմէ ոմանք կարօտագին զգացումներով կ՛ուզեն յաճախել իրենց ջերմ «տուն»ը, մինչ նորեր հետամուտ են ծանօթանալու այդ միջավայրին, ընկեր-ընկերուհիներուն եւ նաեւ դաստիարակներուն:   Մանկապարտէզի բաժինը, այս առումով, ուրախալի մթնոլորտով մը պարուրուած էր, գեղազարդումին զուգահեռ, երեխաները սքանչանալով մուտք կը գործէին հոն, որովհետեւ գիտէին թէ անիկա հարազատ վայր մըն էր, … Continue reading Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեանի Մանկապարտէզ – Տարեմուտի Կենսուրախ Մթնոլորտ