Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարաններու Մէջ՝ iPadի Գործածութեան Օգտաշատ Հնարքները

Կրթական այս տարեշրջանին, ուրախալի ու գովելի է, որ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լեւոն Կ. Նազարեան ու Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարաններուն մէջ, առաջին դասարաններուն համար, որոշուած է գործածել iPadի դրութիւնը, փոխարինելով դասագիրքերը:

Այս օգտաւէտ ու նպաստաւոր դրութեան հասնելու եւ որդեգրելու համար, Միութեան կրթական պատասխանատուները բաւական ժամանակ տրամադրեցին, զայն դնելու համար ամուր հիմերու վրայ, ի նպաստ աշակերտութեան ուսուցման բարօրութեան:

Հաւատք կար, որ այս ուսումնական կարգավիճակի ընտրութեամբ, Միութեան վարժարանները օժտուած կ՛ըլլան ուսումնական արդի մեթոտներով, իսկ աշակերտութիւնը՝ մատչելի ու գործնամէտ դաստիարակութեամբ:

Առանց թերագնահատելու կամ անտեսելու դասագրքային ուսուցման առաւելութիւնները եւ անմիջականութիւնները, բայց, մեկնելով արդի ըմբռնողութիւններէն, մտածողութիւններէն ու գիտելիքային հնարաւորութիւններէն, յարմար տեսնուեցաւ, նաեւ անխուսափելի նկատուեցաւ, շեշտը դնել այս ընտրանքին վրայ:

Ծնողներուն հետաքրքրութիւնը եւ զօրակցութիւնը, իրականացած տեսնելու ուսումնական այս յառաջդիմութիւնը, աւելի գօտեպնդիչ դարձուց iPadի միջոցով ուսուցումը, որուն նախապատրաստութեան եւ արհեստագիտութեան վարժութեան համար, ամրան շրջանին, ուսուցչուհիներուն համար կազմակերպուեցան յատուկ փորձեր:

iPadի գործածութիւնը, ներկայ ժամանակներուն, կարեւոր պահանջարկ մըն է, նախ՝ աշակերտութիւնը հետզհետէ ձերբազատելու դասագրքային «փոխադրական ծանրաբեռնուածութենէն», ապա՝ զայն զինելու արդի մեթոտներու հնարքներով եւ ընտելացնելու համակարգչային նորանոր զարգացումներուն, յետագայ տարիներուն ընդհանրացնելով անոր ուսուցումը, դասարան առ դասարան յաջորդականութեամբ:

Յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, կը կիրարկուի նաեւ Կրօնի, Հայոց պատմութեան ու Հայերէնի ուսուցման նման մեթոտ,  որուն պատրաստութեան համար, արդէն մեր ուսուցիչները լծուած են աշխատանքի:

Մեծ աշխուժութեամբ աշակերտութիւնը սկսած է իր դասաւանդութեանց, իսկ ուսուցիչները՝ բծախնդիր լրջութեամբ կը հետեւին անոր ուսուցման, տեսնելով անոր արդիւնաւէտութիւնն ու հասկնալիութիւնը, յօգուտ հայ աշակերտին առողջ եւ զգաստ կազմաւորումին:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *