Monthly Archives: May 2015

Դէպի “Պշարրի, Էլ Էրզ”

Քրիսթին Հալաճեան (11րդ Գիտական Դասարան) Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, 10-րդ եւ11-րդ դասարանները միասնաբար մասնակցեցան դպրոցական պտոյտին՝ դէպի «էրզ», «Պշարրի»: Թէեւ ճամբան երկար ու հոգնեցուցիչ էր, սակայն բոլորս բարձր պահեցինք մեր տրամադրութիւնը: Պտոյտին առաջին փուլը եղաւ «Խալիլ Ժըպրան»ի թանգարանը,  ուր ծանօթացանք մեծ բանաստեղծին բազմաթիւ  ու հոյակապ նկարչական ստեղծագործութիւններուն եւ անոր իսկական արժէքը հասկցանք: Ժըպրանի … Continue reading Դէպի “Պշարրի, Էլ Էրզ”

Պտոյտ դէպի Ժպէյլ

Արաքս Էլմայեան (7-րդ դասարան) Այս տարուանընթացքին մենք ունեցանք բազմաթիւ պտոյտներ, բայց Ժպէյլի պտոյտին նմանը չկար: Սքանչելի օր մը անցուցինք եւ զինուեցանք նորանոր գիտելիքներով: Նախ այցելեցինք մոմի թանգարանը, ուր մեր աչքերը չհաւատացին իրենց տեսածին: Ի՜նչ գեղեցիկ էին բոլոր մոմէ արձանները, որոնք կը ներկայացնէին հին արաբական պատմական մշակոյթը: Ետքը այցելեցինք Ժպէյլի պատմական բերդը ու շատ հիացանք անոր … Continue reading Պտոյտ դէպի Ժպէյլ

«Shadow Day» 2015ը` Կողմնորոշող եւ օգտաշատ ծրագիր մը

Բարձրագոյն ուսումնառութիւնը կամ համալսարանական կրթութիւնը, իր մասնագիտական ընտրութեամբ եւ ճիւղային յաճախելիութեամբ, իրօք լուրջ ու մեկնարկային հանգրուաններ են այն շրջանաւարտներուն համար, որոնք կը պատրաստուին կեանքի ասպարէզ մտնել: Անտարակոյս, պատասխանատուութիւն պահանջող ու ճիշդ կողմնորոշում ենթադրող մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուին թեկնածու-ուսանողները, յաճախ կարիքը ունենալով շինիչ խորհուրդներու, օգտակար ուղեցոյցներու կամ զգաստ յիշեցումներու: Վստահաբար, այս է պատճառը, որ ՀԲԸՄիութեան … Continue reading «Shadow Day» 2015ը` Կողմնորոշող եւ օգտաշատ ծրագիր մը

20–րդ Դարու Ահաւոր Ոճիրը

Բալիկ Ճորճեան (10-րդ Գիտական Դասարան) Բոլորս լաւ գիտենք, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրած ազգի զաւակներ ենք, կ’ապրինք մեր հայրենիքէն հեռու, փորձելով գոյատեւել ու շնչել հարազատօրէն, սակայն ոչ հարազատ, միջավայրերու մէջ։ Ահա այսօր մենք կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ ամեակի սեմին շնորհիւ մեր յարատեւ պայքարին եւ պահանջատիրութեան։ Ապրիլ 24,1915, եղեռն, ահաւոր ցաւ, անդարման վէրքեր… Ււրաքանչիւր հայու մտքին մէջ՝ … Continue reading 20–րդ Դարու Ահաւոր Ոճիրը

Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնակատարութիւն

Ս. Զատկուան արձակուրդները չսկսած, 1 Ապրիլ 2015ին, զոյգ վարժարաններու աշակերտութիւնը, գեղարուեստական ճոխ ու բազմագոյն յայտագիրով մը հանդէս եկաւ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, տօնական իսկական մթնոլորտ մը ստեղծելով: Առաւօտուն, աշակերտութիւնը ստացաւ իր աւանդական հաղորդութիւնը, ձեռամբ Արժանապատիւ Տ. Քհնյ. Ղեւոնդ Լոշխախճեանի, որ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ անոր խորհուրդին: Ապա, սրահին մէջ, սկսաւ տօնակատարութիւնը, միշտ ոգեւորիչ տրամադրութեամբ: Բացումը … Continue reading Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնակատարութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակելի Ոգեկոչում

21 Ապրիլ 2015ին, մեր աշակերտութիւնը հաւաքուած էր Զապէլ Մովսէսեանի սրահը, միասնաբար ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, յարգելով յիշատակը մեր բիւրաւոր  նահատակներուն, պահանջելով մեր իրաւունքները ու շեշտելով մեր Դատին անժամանցելիութիւնն ու իրաւացիութիւնը: Աշակերտութիւնը օրինակելի կարգապահութեամբ մուտք գործելէ ետք սրահ, այս ձեռնարկը կազմակերպող ու պատրաստող հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան, մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգել տուաւ յիշատակը … Continue reading Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակելի Ոգեկոչում

109 ամեայ Բարեգործականի անցած ուղին

14 Ապրիլ 2015ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 109ամեակի նախօրեակին, զոյգ վարժարաններու աշակերտութիւնը հաւաքուած էր Զապէլ Մովսէսեանի հանդիսասրահը, ականջալուրն ու ակնդիրը ըլլալու այդ առիթով պատրաստուած ատենամարզանքի պահուն: Առ այդ, ներկայացուեցաւ ուսանելի տեսաերիզ մը, «ծառի մը ու տղեկ»ի մը օրինակով, որ «տալու եւ առնելու» խորիմաստ եւ այլաբանական իմաստ մը ունէր, յար եւ նման Բարեգործականի առաքինութեան: Պրն. … Continue reading 109 ամեայ Բարեգործականի անցած ուղին

Երիտասարդական «Մարաթոն»ի Մասնակցութիւն

Լիբանանի երիտասարդական «Մարաթոն»ը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 22 Մարտ 2015ին, փառաշուք հանդիսութեամբ ու մասնակցութեամբ բազմահազար մարզիկներու, իրօք, դարձաւ նշանակելի, իր կազմակերպուածութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ: Յատկանշականը այն էր, որ հայկական վարժարաններէն մեծ թիւ մը եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ, իւրայատուկ ներկայութեամբ եւ աչքառու ցուցադրութեամբ, արժանանալով մասնակիցներու թէ դիտորդներու հետաքրքրաշարժ ուշադրութեան: Արդարեւ, հայ մարզիկները, իրենց մասնակցութիւնը արժեւորած էին … Continue reading Երիտասարդական «Մարաթոն»ի Մասնակցութիւն

ՀԲԸՄի երեք Վարժարաններու մասնակցութեամբ` ՀԲԸՄի 109 ամեակի նշանակելի նշում

  Այս տարի, ՀԲԸՄիութեան հիմնադրութեան 109րդ տարեդարձը ճոխ եւ իւրայատուկ էր, որովհետեւ անոր նշումը ոգեկոչուեցաւ դրօշակային արարողութեամբ, խօսքային ու գեղարուեստական արտայայտութիւններով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հարցարանային գրաւոր մրցանքով, մարզական խաղաձեւերու կատարողութեամբ, հուսկ՝ մրցանակներու բաշխումով: 15 Ապրիլ 2015ին առաւօտուն, աղօթքի («Հայր Մեր») ու դրօշակներու (Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի) արարողութիւններէն ետք, Հայոց պատմութեան ու Հայ գրականութեն … Continue reading ՀԲԸՄի երեք Վարժարաններու մասնակցութեամբ` ՀԲԸՄի 109 ամեակի նշանակելի նշում

“ՇՈՒՇԻ” ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲՆ ՈՒ “ՎԵՐԱԴԱՐՁ” ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

«Վերադարձ»–ին հերոսը հաւաքական կերպարն է բոլոր այն հայ գաղթականներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ հայրենի հողէն հարկադրաբար հեռացան բոբի՛կ ոտքերով…  Հեռացան, բայց ամբողջ կեանքի ընթացքին իրենց հայեացքը  ուղղուած մնաց մայր հողին…: Նուշիկ Միքայէլեան     Այս տողերը “Վերադարձ” թատերգութեան հեղինակի գրիչին կը պատկանին: Հովանաւորութեամբ ՀԲԸ Միութեան Կրթական Յանձնախումբին, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան, Պօղոս Գ. Կարմիրեան եւ Լեւոն Կ. … Continue reading “ՇՈՒՇԻ” ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲՆ ՈՒ “ՎԵՐԱԴԱՐՁ” ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ