Monthly Archives: June 2015

Շրջանաւարտելի աշակերտութեան «ողջերթի» Ատենամարզանքը

5 Մայիս 2015: «Արտակարգ եւ արտասովոր» օր մը Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն ներս: Ամենուրէք խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն: Ժպտադէմ եւ կենսուրախ աշակերտութիւն: Տօնական-մարզական մթնոլորտ: Արդարեւ, այդ օր, 5րդ պահէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտութիւնը (Բ. Պաքալորէա), անակնկալներ պատրաստած էր տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ կրտսեր դասարանակիցներուն: Ողջերթի օր մըն էր, նախաշրջանաւարտութեան առիթով, կազմակերպուած ու պատրաստուած շրջանաւարտելի աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ, կատարողական, ցուցադրական ու … Continue reading Շրջանաւարտելի աշակերտութեան «ողջերթի» Ատենամարզանքը

Փաթիլ Խախամեանի UWC-ի Յաջողութիւնը

Շուրջ երկու ամիս առաջ, ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, կրթական հաւաք մը տեղի ունեցաւ, նախաձեռնութեամբ United World Collegesին, ներկայացնելու իրենց բարձրագոյն ուսման բնոյթն ու հեռանկարները, նաեւ այն առաւելութիւններն ու առանձնայատկութիւնները, որոնք կը հետաքրքրեն ուսումնատենչ ուսանողները իրենց այս ծրագրին նկատմամբ: Պատասխանատուները, մասնակից մեծաթիւ թեկնածուներուն բացատրեցին այս քոլէճներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց դասաւանդելի նիւթերուն մանրամասնութիւնները, առիթ տալով որ ընտրելի … Continue reading Փաթիլ Խախամեանի UWC-ի Յաջողութիւնը

Ներդպրոցական “Rally Paper”ի մրցանք

12 Մայիս 2015ին, 11րդ դասարանի աշակերտները պատրաստած էին “Rally Paper”ի հետաքրքրական մրցանք մը, նախ՝ աշակերտութիւնը ներգրաւելու այս գրաւիչ մրցոյթէն ներս, ապա՝ անոր ընդհանուր գիտելիքներու պաշարը հարստացնելու: Մրցումին մասնակցեցան 7րդ, 8րդ, 10րդ դասարաններու աշակերտները,  մասնակցութեամբ ու խանդավառ տրամադրութեամբ, իրենց գիտելիքային ու մրցումային շնորհները ցուցաբերելով:   Մրցանքը տեղի ունեցաւ ներդպրոցական սահմաններէն ներս, 12 կայաններու նշանակումով, որոնք բաժնուած … Continue reading Ներդպրոցական “Rally Paper”ի մրցանք

Երախտապարտութիւն` Ուսուցիչ-Ուսուցչուհիներուն

Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտութիւնը, 26 Մայիս 2015ին, գեղեցիկ եւ ինքնատիպ գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուց, որ նուիրուած էր ուսուցչութեան, առ ի երախտագիտութիւն անոր առաքինութեան եւ առաքելութեան, հասցնելու օրինակելի ու գիտակից սերունդներ: Մտայղացումը ու պատրաստութիւնը այս ծրագրին, կը պատկանէր 11րդ դասարանի ուսումնատենչ աշակերտ Յարութ Կիւլիւզեանին, որ ծանօթ է իր գրական հակումներով, բանաստեղծական շունչով եւ իր կատարողական շնորհալիութեամբ: Արդարեւ, … Continue reading Երախտապարտութիւն` Ուսուցիչ-Ուսուցչուհիներուն