Երախտապարտութիւն` Ուսուցիչ-Ուսուցչուհիներուն

DSC_0001Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտութիւնը, 26 Մայիս 2015ին, գեղեցիկ եւ ինքնատիպ գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուց, որ նուիրուած էր ուսուցչութեան, առ ի երախտագիտութիւն անոր առաքինութեան եւ առաքելութեան, հասցնելու օրինակելի ու գիտակից սերունդներ:

DSC_0008

DSC_0011Մտայղացումը ու պատրաստութիւնը այս ծրագրին, կը պատկանէր 11րդ դասարանի ուսումնատենչ աշակերտ Յարութ Կիւլիւզեանին, որ ծանօթ է իր գրական հակումներով, բանաստեղծական շունչով եւ իր կատարողական շնորհալիութեամբ:

Արդարեւ, Յարութը, իր շուրջ հաւաքելով խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ունէին արուեստասիրական ձգտումներ ու շնորհներ, զանոնք մղած էր հանդէս գալու գեղարուեստական երեւումներով-արտասանութիւն, երգ, նուագ, որոնց մատուցումը եղաւ մեծապէս տպաւորիչ ու գովելի:

DSC_0015

DSC_0016

 

 

 

 

 

Բացման խօսքը կատարեց Սէրլի Աճեմեան (11րդ դասարան), որ անդրադարձաւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անգին եւ անփոխարինելի դերակատարութեան, աշակերտութիւնը կրթելու ու դաստիարակելու:

Այնուհետեւ, յաջորդաբար բեմ բարձրացան.

-Մեղրի Չանկիւլեան (11րդ դասարան), անգլերէնով արտասանեց իր ինքնագիր մէկ բանաստեղծութիւնը:

-Ռիթա-Մարիա Գազանճեան (10րդ դասարան) երգեց «Ամպից Կորաւ»ը:

-Յովիկ Փոլաճեան, դաշնամուրի վրայ նուագեց:

-Յարութ Կիւլիւզեան` արտասանութեամբ եւ ջութակի նուագակցութեամբ Գարինա Թոքաճեանի, իր ինքնաստեղծ մէկ կտորը հրամցուց:

-Մարիա Թորոսեան (10րդ դասարան), հանդէս եկաւ անգլերէն երգով մը:

– «Հրաժեշտ»ի արտասանութիւն, նուիրուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն,  ընթերցանութեամբ` Քրիսթին Հալլաճեանի, Բարտի Գոզանեանի ու Ռոյ Կէօքճեանի:

 

DSC_0017

DSC_0021

 

 

 

 

 

Յարութը, առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան, առանձինն «յաջողցուց» այս յիշատակելի ատենամարզանքի պահը, մէկ կողմէն` իր եւ իր դասընկերներուն երախտապարտութիւնը յայտնելով իրենց դաստիարակներուն, միւս կողմէն` իր եւ իր դասարանակիցներուն շնորհները ցոյց տալով:

Նշելի է նաեւ, որ Յարութին կը պատկանին հայագիր արտայայտութեան եւ արտասանութեան խօսքերը:

DSC_0024

DSC_0027

 

 

 

 

 

 

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, շնորհաւորեց իւրաքանչիւր մասնակից, յատկապէս այդ բոլորը կազմակերպող եւ իրականացնող Յարութը, որ իր գրական թեքումներով, գրելու ձիրքերով եւ արտադրելու փորձերով, արժանի է ամէն գնահատանքի եւ յաջողութեան, այսօրուան ու վաղուան պայծառ հեռանկարներով:

DSC_0028

 

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *