Ներդպրոցական “Rally Paper”ի մրցանք

DSC_004312 Մայիս 2015ին, 11րդ դասարանի աշակերտները պատրաստած էին “Rally Paper”ի հետաքրքրական մրցանք մը, նախ՝ աշակերտութիւնը ներգրաւելու այս գրաւիչ մրցոյթէն ներս, ապա՝ անոր ընդհանուր գիտելիքներու պաշարը հարստացնելու:

DSC_0053

Մրցումին մասնակցեցան 7րդ, 8րդ, 10րդ դասարաններու աշակերտները,  մասնակցութեամբ ու խանդավառ տրամադրութեամբ, իրենց գիտելիքային ու մրցումային շնորհները ցուցաբերելով:

 

DSC_0092Մրցանքը տեղի ունեցաւ ներդպրոցական սահմաններէն ներս, 12 կայաններու նշանակումով, որոնք բաժնուած էին դպրոցաշէնքին մէջ:

Խաղամրցումը կը բաղկանար հանելուկներէ, խաղերէ, հնարքներէ, կապուած հայոց պատմութեան, գիտութեան, ուսողութեան եւ ընդհանուր զարգացման հետ առընչուող  հարցումներու, իւրաքանչիւր կայան ունենալով իր պատասխանատու ներկայացուցիչը:

Աշակերտութիւնը՝ մասնակից թէ դիտորդ, մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ մրցախաղի ընթացքին, քաջալերելով իր խմբակը, իսկ աւարտին յաղթող խմբակը (7րդէն՝ Գարին, Տէյվիտ, 8րդէն՝ Գարին, Բերլա, 10րդէն՝ Սերժ, Ռիթա-Մարիա)արժանացաւ բոլորին շնորհաւորութեան:

Յիշեցնենք թէ՝ այս գեղեցիկ եւ ոգեւորող մրցախաղը տեղի ունեցաւ ուսուցչուհի Տիկ. Հուրի Ղազարեանի հսկողութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *