Փաթիլ Խախամեանի UWC-ի Յաջողութիւնը

Patil KhakhamianՇուրջ երկու ամիս առաջ, ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, կրթական հաւաք մը տեղի ունեցաւ, նախաձեռնութեամբ United World Collegesին, ներկայացնելու իրենց բարձրագոյն ուսման բնոյթն ու հեռանկարները, նաեւ այն առաւելութիւններն ու առանձնայատկութիւնները, որոնք կը հետաքրքրեն ուսումնատենչ ուսանողները իրենց այս ծրագրին նկատմամբ:

Պատասխանատուները, մասնակից մեծաթիւ թեկնածուներուն բացատրեցին այս քոլէճներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց դասաւանդելի նիւթերուն մանրամասնութիւնները, առիթ տալով որ ընտրելի թեկնածուները հոն շարունակեն իրենց ուսումը, երկու տարուան աւարտին ստանալով «International Baccalaureate»ի վկայականը:

Պարզուեցաւ որ UWC-ն 14 մասնաճիւղեր ունի աշխարհի չորսդին, որոնցմէ մէկն ալ Հայաստանի հանրապետութեան գեղատեսիլ Դիլիջան քաղաքին մէջ, փափաքելով որ ընտրեալները հոն յաճախեն, եթէ յաջողին հարցազրուցային «քննութեան»:

Այս հանդիպում-ստուգատեսին, մեր վարժարանի 10րդ գիտական դասարանէն մասնակցեցաւ Փաթիլ Խախամեանը, որուն աւարտին, աւելի քան յիսուն աշակերտ-աշակերտուհիներէն զտուեցան ութը հոգի, որոնց մէջ էր նաեւ Փաթիլը:

յս յաջողութեան առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք Փաթիլը եւ անոր կը մաղթենք ամենայն բարիք ու վերելք իր ուսումնառութեան դասընթացքներուն:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *