Շրջանաւարտելի աշակերտութեան «ողջերթի» Ատենամարզանքը

5 Մայիս 2015:

«Արտակարգ եւ արտասովոր» օր մը Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն ներս:

DSC_0461

Ամենուրէք խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն:

Ժպտադէմ եւ կենսուրախ աշակերտութիւն:

Տօնական-մարզական մթնոլորտ:

Արդարեւ, այդ օր, 5րդ պահէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտութիւնը (Բ. Պաքալորէա), անակնկալներ պատրաստած էր տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ կրտսեր դասարանակիցներուն:

Ողջերթի օր մըն էր, նախաշրջանաւարտութեան առիթով, կազմակերպուած ու պատրաստուած շրջանաւարտելի աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ, կատարողական, ցուցադրական ու դերակատարական մասնակցութիւններով, որոնք իրենց զգացմունքային եւ ապրումային արտայայտութիւնները դրսեւորեցին, զանազան երեւոյթներով, միջոցներով ու պատկերներով:

DSC_0385

Այս բոլորը մատուցելու ու պատկերելու նախապահուն, ամէն ոք անհամբեր էր, մանաւանդ՝ շրջանաւարտները եւ ընդհանրապէս աշակերտութիւնը, վայելելու այն յայտագիրը, որ նախատեսուած էր ներկայացնելու:

Աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Վանա Մինասեան բացումը կատարեց, բացատրելով ատենամարզանքի այս պահուն բացառիկութիւնը եւ անոր կայացումին հետաքրքրութիւնը, որպէս աւարտականներ:

DSC_0480

Այնուհետեւ, յայտագիրը սկսաւ, յաջորդական «սքէչ»ներով, որոնք դպրոցական-դասարանային, ուսուցչական-դասաւանդային պերճախօս պատկերներով եւ օրինակներով համեմուած էին, ծիծաղելի ու զուարճալի պահեր եւ նմոյշներ ստեղծելով:

DSC_0449

Ուշագրաւ էր, որ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը, իր «խօսքով ու ելոյթ»ով, կը յիշէր իր դպրոցական երանելի օրերէն, կ՛արտայայտուէր ուսուցիչներուն նկատմամբ երախտապարտութենէն եւ իր դպրոցին հանդէպ իր սէրէն:

Բոլորին մօտ, առաւել կամ նուազ չափով, զգալի էր յուզական ու հպարտական զգացում մը, նախ՝ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին նկատմամբ իրենց տածած սէրէն, ապա՝ համալսարանական կամ ասպարէզային աշխարհ նետուելու իրենց մարտահրաւէրին մէջ յաջողելու վճռակամութենէն:

Մէջընդմէջ, երգախառն ու պարախառն կատարումները աւելի խանդավառեցին մթնոլորտը, յատկապէս այն պարագաներուն, երբ «սքէչ»ային ու կատակային տեսարանները կը ջերմացնէին  աշակերտութեան տրամադրութիւնները:

Հետաքրքրական էր նաեւ այն տեսաերիզը, որով շրջանաւարտները, յիշողութեան եւ յիշատակագրութեան կարգով, գողտրիկ լուսանկարներ պատրաստած էին, իրենց դպրոցական ու դասարանային, մտերմական եւ ընկերային պահերէն:

Ակնյայտ էր, որ շրջանաւարտութենէն դէպի այլ հորիզոններ «փոխադրուելու» պատրաստուող 2014-2015ի սերունդը, ոչ միայն երախտապարտ էր իր Միութենէն, վարժարանէն եւ ուսուցիչներէն, այլեւ հաւատարիմ էր անոնց ջամբած դաստիարակութեան, այս համեստ, արտայայտամիջոցով:

Այս յիշատակելի «ողջերթ»ը եզրափակուեցաւ հայկական ոգեւորիչ «շուրջպար»ով, ուր շրջանաւարտներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, միասնաբար, իրենց մասնակցութիւնը բերին, իրարու նկատմամբ իրենց սէրն ու զգացումը յայտնելով:

Ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, գնահատելի գտաւ շրջանաւարտներուն «ողջերթ»ը, շնորհաւորեց զանոնք, ամենայն յաջողութիւն մաղթելով անոնց յետագայ ուսումնառութեան երթուղիին, հաւաստիացնելով, որ անոնք կը մնան Դարուհի-Յովակիմեանցիներ, այս դպրոցը ըլլալով իրենց մնայուն տունը, իսկ իրենք՝ միշտ անոր հարազատ զաւակները:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *