Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Բժշկագիտական Դասախօսութիւն – Բժ. Ռաֆֆի Շիր Յակոբեան

Նոր սերունդը, այս պարագային աշակերտութիւնը, անհրաժեշտ է պարբերաբար տեղեակ պահել բժշկական տարրական գիտելիքներէ, որոնք կ՛առընչուին իր առողջութեան հետ եւ թէ՝ ինչպէս կրնայ առաջքը առնուիլ վտանգաւոր հետեւանքներէ, ի հարկին, անմիջապէս դիմելով մասնագէտ բժիշկներու:

Ահաւասիկ, ուղղակի ծանօթանալու համար, քիթ-կոկորդ-ականջի ֆիզիքական կառուցուածքին, անոնց մէջ առաջացած վնասուածքներուն կամ ցաւերուն եւ զանոնք կանխարգիլելու միջոցներուն, 10 Նոյեմբեր 2017ին, դպրոց հրաւիրուած էր Բժ. Ռաֆֆի Շիր Յակոբեանը, աւելի հանգամանօրէն ներկայացնելու բժշկական այս նիւթը:

Առ այդ, 10րդ դասարանի աշակերտ՝ Զօհրապ Աբրահամեան, ներկայացուց բժշկին հակիրճ կենսագրականը- շրջանաւարտ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն եւ Երեւանի բժշկական համալսարանէն, իսկ այժմ, քանի մը հիւանդանոցներու մէջ կը գործէ, իր մասնագիտութիւնը ծառայեցնելու կարիքաւոր հիւանդներու դարմանումին:

Յարգելի հիւր-դասախօսը, Power Pointի միջոցով, շուրջ 40 վայրկեան, նկարագրեց ու բացատրեց, պարզաբանեց ու լուսաբանեց, առաւելագոյն մանրամասնութեամբ, քիթի, կոկորդի եւ ականջի մասին, կենդանի պատկերներով ցոյց տուաւ գլխուն մաս կազմող այս երեք կարեւոր գործարաններէն ներս կատարուող «շարժում»ներուն շրջանառութիւնը, անոնց նկատմամբ զգուշաւորութիւնը, բծախնդրութիւնն եւ առողջապահութիւնը:

Խօսեցաւ այս գործարաններէն ներս հաւանական հիւանդութիւններու, խախտումներու կամ խանգարումներու մասին, անոնց պատճառներուն եւ առաջքը առնելու կարեւորութեան, դիմելով միայն համապատասխան բժշկին (ոչ իսկ դեղագործին):

Այնուհետեւ, անտրադարձաւ այն պատճառներուն ու նախանշաններուն, որոնք կրնան գալ քիթին, կոկորդին ու ականջին մէջ, հետեւաբար, պէտք է լուրջ ու հետեւողական ըլլլալ անոնց բարւօք պահպանման, չզլանալով պատկան մասնագէտներու հոգատարութեան եւ ուշադրութեան յանձնելու:

Վերջին մասով, Բժ. Շիր Յակոբեան, լուսարձակի տակ առաւ դիմագծային գեղեցկագիտութիւնը եւ այն գործողութիւնները, որոնց միջոցով քիթն ու շրթունքը կը ձեւափոխուին, կը յղկուին ու կը գեղեցկանան:

Շահեկան բժշկագիտական դասախօսութիւն մը՝ զոր աշակերտութիւնը հետաքրքրութեամբ լսեց, իսկ Ընդհանուր Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, շնորհաւորեց բժիշկը՝ բացատրողական իր ելոյթին համար, կոչ ընելով աշակերտութեան, միշտ խնամքով վերաբերուիլ իր առողջութեան հետ:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *