ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Վերամուտը

Բարե՛ւ, դպրոց մեր թանկագին,

Վերադարձանք քեզի կրկին

Գիւղէն, ծովէն, պտոյտներէն,

Ամառնային արձակուրդէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ի առաւօտեան Մանկապարտէզին մուտքն ու դասարանները զարդարուած երփներանգ փուչիկներով եւ պատկերներով՝ պատրաստ էին դիմաւորելու սիրասուն մանուկները: Ճիշդ ժամուն հնչեց առաջին զանգը աւետելով 2017-2018 ուսումնական  տարուան վերամուտը:

Մանկապարտէզի աշակերտները շարուելէ ետք աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք ու բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին ցանկալով գործունէութեամբ հարուստ կրթական տարեշրջան մը:

Երեխաները, դասարան առ դասարան, իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի իրենց գեղեցիկ, լուսաւոր ու բծախնդրօրէն յարդարուած դասարանները:

Օրուան ընթացքին փոքրիկները հիւրասիրուեցան կարկանդակով եւ պտուղի հիւթով: Անոնք հերթաբար  ծանօթացան իրենց ուսուցչուհիներուն ու անոնց դասաւանդած նիւթերուն, իսկ Մանկապարտէզի խաղավայրին մէջ ուրախ ժամանակ անցուցին եւ առաջին օրը շատ արագ անցաւ:

Կէսօրին, բոլոր աշակերտները նկարուեցան իրենց ուսուցչուհիներուն հետ ու տուն մեկնեցան գունաւոր փուչիկներով եւ վերամուտը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով:

Ահա, դպրո՛ց մեր սիրելի,

Մենք կը սկսինք աշխատանքի,

Կը խոստանանք տիպար ըլլալ

Թէ՛ գործի մէջ, թէ՛ վարմունքի:

 

                                                                         Սոնիա  Տեյիրմենճեան

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *