Արտադասարանային Պտոյտ Դէպի “Սըրսոք” Թանգարան

Յակոբ Գասպարեան (12րդ Ընկերատնտեսական Դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան)

Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողիկ Տարաքճեան

«Նիքոլաս Իպրահիմ Սըրսոք» Թանգարանը հիմնուած է 1961 թուականին՝ Պէյրութի կեդրոնին մէջ: Ժամանակակից արուեստի թանգարան է, որ կը հաւաքէ, կը պահպանէ եւ կը ցուցադրէ տեղական եւ միջազգային արուեստի նմոյշներ: Իր հաւաքածոներուն, արխիւներուն, ցուցահանդէսներուն եւ հասարակական ծրագիրներուն միջոցով` թանգարանը նպատակ ունի արուեստի գործերու վերաբերող գիտելիքներ տարածել եւ ուսումնասիրել այն աշխատանքը, որ կ’արտացոլացնէ մեր ժամանակներու պահը: Թանգարանը կը նպատակադրէ աջակցիլ՝ տեղական արուեստի արտադրութեան: 17 Նոյեմբեր 2017-ին՝ 12-րդ դասարանի դասընկերներուս ընկերակցութեամբ եւ Տիկ. Շողիկ Տարագճեանի առաջնորդութեամբ այցելեցինք այս թանգարանը, ուր մեզի առիթը տրուեցաւ տաղանդաւոր լիբանանցի եւ օտար արուեստագէտներու զանզազան գործերը ըմբոշխնելու:

Նախ՝ մեզի ներկայացուեցաւ «Partitions et Couleurs: Hommage à Amine El Bacha», որ առաջին ցուցահանդէսն էր “Սըրսոք” թանգարանի հաւաքածոներուն: Ասոնց կը միանային շարք մը իւղաներկ եւ ջրաներկ գործեր, եւ նկարներ՝ 1960-ական թուականներէն, ինչպէս նաեւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակի ընթացքին ստեղծուած փայտէ առարկաներ: «Էլ Պաշա»յին նախասիրած երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աւանդական կրօնական տեսարանները, օրինակի համար «Վերջին Ընթրիքը», ներկայացուած էին նաեւ այս ցուցահանդէսին մէջ:

Ապա, շրջագայութեան ժամանակ մաս կազմեցինք «Click, Click: The Repetition of Photographic Subject Matter in the 19th Century» ցուցահանդէսին, ուր ծանօթացանք Ֆուատ Տապպասի հաւաքածոներէն ընտրուած պատկերներուն, ինչպէս նաեւ յայտնի լուսանկարիչներու աշխատանքներուն, ներառեալ Ֆէլիքս եւ Ատրիէն Պոնֆիլս, Դանքրէտ Տումաս եւ Ժան-Պաբթիսթ Շարլիէ-ի գործերը: Գալով վերջին ցուցահանդէսին՝ «Fruit of Sleep»ին, ծանօթացանք նոր եւ հետաքրքական գաղափարներու, ինչպէս «The Book of Sleep» գիրքը, ուրկէ ըմբռնեցինք Հայիթամ Ալ Ուարտանիին այն տեսակէտը` որ քունը անհրաժեշտ է իսկապէս արթննալու նպատակը յաջողցելու համար:

«Սըրսոք» Թանգարանին ժամանակակից արուեստի հաւաքածոները կը բաղկանան լիբանանցի եւ միջազգային արուեստագէտներու գործերէն, ներառեալ Էլի Քանաանի, Փօլ Կիրակոսեանի, Ֆարիտ Աուատի, Սոֆի Երամեանի, Ապէտ ալ Քատիրի-ի եւ ուրիշներու, 1800 էն 2000-ական թուականներու ժամանակաշրջանէն: Իսկ ես, արուեստի նկատմամբ յատուկ սէր մը ունենալուս պատճառով, կրնամ մեծ հրճուանքով ընդունիլ թէ այդ օրը ինծի, ինչպէս նաեւ իմ դասընկերներուս համար, անմոռանալի եւ յիշատակելի օր մը եղաւ, որուն շնորհիւ մենք, 12-րդ դասարանի աշակերտներս, հպարտօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի շատ սիրելի, յարգելի ու ազնուափայլ մեր դասատուին՝, Տիկին Շողիկ Տարագճեանին:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *