Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան – Վերամուտեան Ա. Հանդիպում

Նազարեան Վարժարանի վերամուտեան առաջին աշակերտական հաւաքը, ատենամարզանքային հանդիպումով, տեղի ունեցաւ 3 Հոկտեմբեր 2017ին, աշակերտական-ուսուցչական ջերմ տրամադրութեամբ:

Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան եւ Տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան սրտբացօրէն ողջունեցին աշակերտութիւնը ու բարի գալուստ մաղթեցին անոր:

Այնուհետեւ, Պրն. Վասիլեան, մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ վարժարանիս կարգուսարքին, օրէնքներու կիրարկման եւ կանոններու գործադրութեան մասին, զանոնք նկատելով, ուսումնական կեանքի կողքին, անհրաժեշտ գիտելիքներ, իսկ անոնց հետեւողութիւնն ու պահպանումը ներդպրոցական գործունէութեան հիմնական երաշխիքներէն:

Աշակերտութեան համար, այս տեղեկութիւնները խրտական էին եւ օգտաշատ, նոր տարեշրջանը լաւագոյն յաջողութեամբ ու կարգապահութեամբ պսակելու համար:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *