«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն»

Նարեկ Կարապետեան (7-րդ դասարան – ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան)

Պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան

111 տարիներէ ի վեր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կ’աշխատի Հայ ժողովուրդին ազգային  դիմագիծի պահպանման եւ այլազան մարզերով կը պայքարի Հայաստանէն դուրս հայ մարդուն գոյութեան յարատեւման:

Ես շատ կը սիրեմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որովհետեւ հնարաւորութիւ տուած է ինծի հասակ առնելու հայկական ապահով հովանիի մը տակ,որուն ապագան խօսուն է ու փայլուն: Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի սան եմ, Սկաուտական շարժումին անդամ եմ եւ Փողերախումբին պատանի երաժիշտներէն մէկն եմ: Այս միութիւնը փոքր հասակէս սնած է զիս, սորվեցուցած է բազմաթիւ նորութիւններ եւ  տուած է անսահման գիտելիքներ. Այս միութեան նշանաբանն է «Միութիւնը Զօրութիւն է» եւ այս մէկը շատ ճիշդ խօսք է, որովհետեւ առանց գործակցութեան եւ Միութեան հովանիին անկարելի է յաջողութեան հասնիլ:

Ես շատ շնորհակալ եմ այս միութեան ,որ ինծի տուած է այս բազմաթիւ հնարաւորութիւնները : Խորհուրդ կու տամ բոլորին, որ մաս կազմեն Հ.Բ.Ը.Մ-ին:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *