Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – «Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Ամիրաները» – Զեկուցող` Պետիկ Թորոսեան

Կրթական այս տարեշրջանի ատենամարզանքի վերջին պահը նուիրուած էր վերոյիշեալ նիւթին, զոր ներկայացուց վարժարանիս շրջանաւարտներէն` Պետիկ Թորոսեանը, պատկերային ցուցադրութեամբ:

Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, ողջունեց Պետիկին ներկայութիւնը իր վարժարանին մէջ, ապա, կրկնակիօրէն շնորհաւորեց զինք` Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտութեան առիթով, պատմութեան մասնագիտութեամբ, իսկ իր ուսումնական յառաջդիմութեան գծով Պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելուն, նաեւ «Ապտալլահ Լահուտ»ի մրցանակին արժանանալուն համար, որուն շնորհիւ յառաջիկայ տարի, ան իրաւունք կ0ունենայ լրիւ կրթաթոշակ ստանալու, ամբողջացնելու իր ուսումնառութիւնը եւ տիրանալու M.A. ի վկայականին:

Թորոսեան, որ Օսմանեան շրջանին ապրող ու գործող հայ ամիրաներու գործունէութեան շուրջ պրպտումներ ու սերտողութիւններ կատարած է, բացատրեց «ամիրա» բառին ծնունդն ու նշանակութիւնը, ապա, անդրադարձաւ անոր աշխատանքային իւրայատկութիւններուն ու դերակատարութիւններուն, թէ՛ Օսմանեան կառավարական շրջանակներէն, թէ՛ Հայկական իրականութենէն ներս:

Այնուհետեւ, լուսարձակի տակ առաւ ամիրաներուն կատարած ներդրումները, գործերն ու յարաբերութիւնները, նախ՝ կառավարական ծիրէն ներս ( քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, պաշտօնական, ներկայացուցչական), ապա՝ Պոլսահայութեան կեանքին մէջ (շինարարական, կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային), խօսուն օրինակներով ու պատկերներով, իր նկարագրած ու պատմած եղելութիւններուն մասին շահեկան բացատրութիւններ ու տեղեկութիւններ տալով:

Աշակերտութիւնը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կը լսէր շրջանաւարտ իր երէց դասընկերոջ զեկուցումը, հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց զինք, իսկ Պրն. Վասիլեան, շնորհաւորելէ ետք իր նախկին աշակերտին գնահատանքի արժանի իրագործումները, առաւել յաջողութիւններ մաղթեց անոր:

Այս զեկոյցին առիթով, Պրն. Տնօրէնը յիշեցուց, որ օրին Պոլսոյ մէջ դասակարգայնութիւնը ընդգծուած էր Պոլսահայութեան մօտ, որուն մէջ «ամիրա»ները, իրենց օգտակարութեան կողքին, նաեւ ժխտականութիւն բերած են, իսկ այսօր, մեր կեանքին ու շրջապատին մէջ եւս, կան նմանօրինակ ամիրաներ եւ ամիրայական հոգեբանութիւններ:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *