Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարժարաններ – Հաղորդակցութեան (communication) Կարեւորութիւնը – Զեկուցող` Միշէլ Աքրա

Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարաններու Տնօրէնութիւնը  եւ ուսուցչական կազմը, ի շարս ատենամարզանքային բազմատեսակ ու բազմաբնոյթ միջոցառումներուն, նաեւ հետամուտ են մեր աշակերտութիւնը զինելու ու զարգացնելու այնպիսի նիւթերով ու զեկուցումներով, որոնք առ հասարակ ունին ընկերային, դաստիարակչական ու գիտելիքային բովանդակութիւններ, համապատասխան ընկերութիւններու կամ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ հրաւիրելով:

30 Մայիս 2017ին, մեր վարժարանի ուսուցչուհիներէն` Տիկ. Շողիկ Տարագճեանի նախաձեռնութեամբ, աշակերտութեան հետ գործնական հանդիպում-զրոյցի մը հրաւիրուեցաւ “WAZNAT”ի ներկայացուցիչներէն` Տիկ. Միշէլ Աքրան:

Այս կազմակերպութիւնը, 2001էն ի վեր, հարուստ փորձառութիւն ունի, յատկապէս դպրոցական շրջանակներէն ներս, աշակերտութեան հետ շաղուելու, զայն հաղորդակցութեան-յարաբերութեան միջոցով կողմնորոշելու ու լուսաբանելու կարգով:

Կարեւոր հարցերէն մէկը, որ արծարծուեցաւ ներկայացուցիչին կողմէ, իրար հետ արտայայտուելու եւ յարաբերելու երեւոյթն էր լեզուով, նայուածքով, շարժուձեւերով, նշաններով, բացականչութիւններով, որոնց պատկերացման կամ իրականացման համար, պատասխանատուն աշակերտութեան հետ ուղղակի կապի մէջ մտաւ, զայն մասնակից դարձնելով իր օրինակներուն եւ բացատրութիւններուն, որոշակի պատասխաններու ու միջամտութիւններու մղելով:

Բազմաթիւ օրինակներէն յատկանշական էր, չորս խմբակներու միջոցով, միտք մը կամ գաղափար մը փոխանցելու կարելիութիւնը, որ առաջինէն մինչեւ չորրորդին հասնիլը, ո՞րքանով հարազատ է (կամ կը մնայ) իր բուն նշանակութեան, առաւել` դպրոցը եւ ասպարէզը, հաղորդակցութիւններու մարզին մէջ, ինչո՞վ կ՛արժեւորուին եւ ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին:

Իրական կեանքէն- շրջապատ թէ միջավայր-առնուած նմոյշներն ու օրինակները, որոնք կենդանի ձեւով ներկայացուեցան, աշակերտութիւնը մեծապէս խանդավառեցին ու մղեցին իր համագործակցութիւնը բերելու, որ պատասխանատուին կողմէ եւս գնահատուեցաւ:

Աշակերտութեան համար, նորութիւն մըն էր, հաղորդակցութեան առաւելութիւններուն ու բարեմասնութիւններուն, ծանօթանալ այս տեսանկիւնէն կամ այս մօտեցումով դիտելու զայն:

Յիշեցնէնք թէ՝ այս վարժութիւնը տեղի ունեցաւ երկու հանգրուաններով. առաջին9 10 եւ 11րդ դասարաններ (ժամը 8:00էն 10:00ը), երկրորդը՝ 7եւ 8րդ դասարաններ մասնակցութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի Յովակիմեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեանի վարժարաններու աշակերտութեան (ժամը 10:30էն 12:30):

Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, շնորհակալութիւն յայտնեց “WAZNAT”ի ներկայացուցիչին, այս օգտաւէտ եւ ուսանելի զեկոյցին համար, նաեւ՝ Տիկ. Շողիկին, այս առիթը ստեղծելուն համար:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *