Հինգշաբթի, 18 Մայիսին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Ե. կարգի աշակերտները գեղեցիկ ձեռնարկով մը պատուեցին իրենց մայրերը:
Արդարեւ Ե. կարգի տաղանդաւոր աշակերտները զանազան պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով իրենց սէրը յայտնեցին մայրերուն:
Յայտագիրը սկսաւ փունջ մը հայկական և օտար պարերով, որոնք հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս:
Ապա երգեցին «Իմ Անուշ Մայրիկ» երգը որմէ ետք ներկայացուցին իմաստալից թատերգութիւն մը, մօր կատարած զոհողութիւններուն մասին:
Անոնք հմտութեամբ և մեծ վարպետութեամբ կրցան ներկայացնել մօր տիպարը, որ միշտ կը զոհուի, կը տառապի իր ընտանիքին սիրոյն, բայց մայրը միշտ կրնայ յաղթահարել դժուարութիւնները, պահելու համար իր ընտանիքը և դառնալ սուրբ օճախին ճրագը:
Թատերգութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր աշակերտ իր սրտի խօսքը և երախտագիտութեան զգացումները փոխանցեց մօրը: Բոլոր մայրերը և աշակերտները յուզումի պահեր ապրեցան:
Այնուհետեւ Թիանա Մալեան մեներգեց «Ով Հայոց Մայրեր» և երեք լեզուներով արտասանեցին:
Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ գեղեցիկ փունջ մը նուիրեց մօրը:
Հուսկ վարժարանիս տնօրէնուհին խօսք առնելով շնորհաւորեց բոլոր մայրերը. անոնց մաղթեց առողջութիւն ու արեւշատութիւն: