Ամանօրեայ ու Ս. Ծննդեան Տօներու Խանդավառ Նշում

21 Դեկտեմբերը նաեւ տօնակատարութիւն  է մեր վարժարաններու վերի կարգերու աշակերտներուն համար (Դ. դասարանէն՝ ԺԲ.), համադասարանային և ընկերային մէկտեղումով, մեկնող ու դիմաւորող Նոր տարին ու Ս. Ծննդեան տօները նշելու յիշարժան ցնծութեամբ, տօնական յատուկ տնօրինումներով ու ցուցադրութիւններով: Գեղեցիկ և օրինակելի աւանդոյթ մը, արդարեւ, որ մեր վարժարաններուն համար, միշտ եղած է հոյակապ միջոցառում, թէ՛ այդ զոյգ տօները վերակոչելու, … Continue reading Ամանօրեայ ու Ս. Ծննդեան Տօներու Խանդավառ Նշում

Աշակերտներ, Ուսուցիչներ, Ծնողներ Միասնաբար Տօնեցին Կաղանդն ու Ս. Ծնունդը

ՀԲԸ Միութեան մանկապարտէզը միշտ ալ նշանաւորուած է իր տիպարութեամբ, մատչելիութեամբ ու գրաւչութեամբ, ոչ միայն իր դաստիարակութեամբ ու կրթութեամբ, այլեւ իր ընկերային, զբաղմունքային ու խաղային հարուստ յայտագիրներով, ծրագիրներով ու ձեռնարկներով, որոնց՝ պատրաստակամութեամբ, հետաքրքրութեամբ և անհամբերութեամբ սպասուած են մեր մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօները հանրագումար մը կը հանդիսանան, թէ՛ նշելու զոյգ տօները, … Continue reading Աշակերտներ, Ուսուցիչներ, Ծնողներ Միասնաբար Տօնեցին Կաղանդն ու Ս. Ծնունդը

12 Դեկտեմբեր 2023ը մեր աշակերտութեան համար եղաւ հետաքրքրական ու նորարարական, քանի, ատենամարզանքի պահը յատկացուած էր բոլորովին նոր նիւթի մը, անիկա դառնալով վայելքի առիթ մը, ծանօթանալու այլ երկրի մը գոյութեան, իր զանազան երեսներով, գոյներով, կազմութեամբ ու կառուցողականութեամբ և ընդհանրապէս գոյավիճակով:

Խնդրոյ առարկայ երկիրն էր՝ ՔՈԼՈՄՊԻԱՆ, որուն համար հրաւիրուած էր Լիբանանի մօտ Քոլոմպիոյ դեսպանը, նորին վսեմութիւն Տիար Էտուին Օսթոս Ալֆոնսօ, ներկայացնելու իր երկրին մասին շահեկան տեղեկութիւններ ու բացատրութիւններ, տեսաերիզի ցուցադրութեամբ:

Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, յաւուր պատշաճի ծանօթացուց Պրն. դեսպանը, նշելով անոր հանրօգուտ գործունէութիւնը, ապա, անդրադառնալով օրուան նիւթին այժմէականութեան, հուսկ՝ հրաւիրելով հիւրը:

Պրն. դեսպանը, անգլերէնով հաճելի ու հաղորդական լեզուով մը, իր ուրախութիւնը յայտնեց այս յիշատակելի առիթին համար, ապա, կեդրոնացաւ՝ «Քոլոմպիա՝ գեղեցիկ երկիրը» խորագիրին, նկարագրելով երկրին աշխարհագրութիւնը, գեղեցկավայրերը, տեսարժան շրջանները և առ հասարակ այն բարեմասնութիւնները, որոնցմով նշանաւոր է ան:

Խօսեցաւ նաեւ Քոլոմպիացի ժողովուրդի կեանքին ու կենցաղին, ապրելակերպին, զբաղմունքներուն, տնտեսութեան, ընկերային ու մշակութային գործունէութեանց, աւանդութեանց, ներքին և արտաքին յարաբերութեանց, կրթութեան ու գիտութեան զարգացումներուն մասին, որոնք բոլորն ալ մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցան:

Հարցումները բազմաթիւ ու բազմասեռ էին, մանաւանդ երբ աշակերտներէն մէկը հարց տուաւ, եթէ հայկական համայնք կա՞յ հոն, պատասխանը եղաւ որ կայ և հինէն ի վեր հոն կայք հաստատած են հայեր, լաւ և սիրալիր կապեր ունենալով տեղացիներուն հետ:

Այս առիթով, ուրիշ հաճելի անակնկալ մըն էր իտալական «Ֆապրիանօ»ի մրցանակաւորներու տուչութիւնը, զոր վարեց և այդ մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց տուեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը՝ Պրն. Ժան-Քլօտ Նահհասը, իւրաքանչիւրին կոչ ընելով յետագային անպայման մասնակցելու այս օգտաշատ մրցոյթին:

Յիշենք որ՝ մեր աշակերտներէն վեց հոգի ստացաւ իր մրցանակը, ձեռամբ Պրն. դեսպանին, Պրն. Նահհասին և Պրն. Տնօրէնին:

Արժանացող մրցանակակիրներն էին` Մապէլ Արմաղանեանը, Գլառիթա Նազարեանը, Դալար Աշճեանը, Ռայըն Ադամեանն ու Մակտալենա Պալճեանը: Անոնք իրենց արժեքաւոր մրցանակները ստացան ՀԲԸՄի Լիբանանի Կրթական Յանձնխումբի անդամ՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանի, նկարչութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեանի, Պրն. Ժան-Քլօտ Նահհասի, Տիար Էտուին Օսթոս Ալֆոնսոյի եւ Պրն. Արա Վասիլեանի ձեռամբ:

Լիբանանի Անկախութեան Տարեդարձ 80 Ամեակի Յատկանշական Նշում, Դրօշակներու Արարողութիւն Ու Սկաուտական Շքերթ

Ա. Մաս Ինչպէս ամէն անկախութեան, այս տարի եւս, մեր վարժարանները յատկանշական շուքով նշեցին Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը, նախ՝ անոր արծաթեայ 80 ամեակը, ապա՝ շեշտելով քաղաքացիական պատկանելիութեան կառչած մնալու վճռակամութիւնը: Արդարեւ` 24 Նոյեմբեր 2023ին, տօնական օր կը տիրէր մեր վարժարաններու համալիրէն ներս թէ շրջանին մէջ, ուր լիբանանեան դրօշակները և ոգեւորիչ երաժշտութիւնը ամենուրէք նշմարելի ու լսելի էին, մեծ … Continue reading Լիբանանի Անկախութեան Տարեդարձ 80 Ամեակի Յատկանշական Նշում, Դրօշակներու Արարողութիւն Ու Սկաուտական Շքերթ

ՀԲԸ Միութեան Վարժարանները Կ’օժտուին Արեգակնային Ուժանիւթի Վահանակներով («Սոլըր» Սիսթեմ) Բարերարութեամբ՝ Քլարա Մարկոսեան Հիմնադրամի

Հայկական վարժարանները այն լուսաւոր օճախներն են, որոնք կը հանդիսանան սերունդներու դաստիարակման ու կոփման, զարգացման և աճման ԶՈՒԼԱԼ աղբիւրները, իրենց հարուստ փորձառութեամբ, ճոխ բովանդակութեամբ և օրինակելի գրաւչութեամբ: Եթէ հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալին մեր վարժարանները համեստ էին իրենց կառոյցներով, ժուժկալ՝ իրենց արտաքինով և խոնարհ՝ իրենց կարելիութիւններով, յետագային, թէեւ գովելի յառաջդիմութիւններ արձանագրեցին, բայց, միշտ նոր իրագործումներու պահանջքները մնացին … Continue reading ՀԲԸ Միութեան Վարժարանները Կ’օժտուին Արեգակնային Ուժանիւթի Վահանակներով («Սոլըր» Սիսթեմ) Բարերարութեամբ՝ Քլարա Մարկոսեան Հիմնադրամի

Արժանավայել Նշում՝ «Թարգմանչաց Տօն»ին

Հայահունչ ու հայաշունչ մթնոլորտ մը կը տիրէր ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու համալիրին մէջ, երբ աշակերտութիւն և ուսուցչակազմ բացառիկ վայելք մը ապրեցան, 20-10-2023ին նշելով մեր ազգային հպարտառիթ ամենէն նուիրական տօներէն մէկը՝ «Թարգմանչաց»ը, որ կը զուգադիպէր Հոկտեմբեր ամսու մշակութային ազգագրութեան կազմութեան: Բեմը գեղազարդուած էր հայ ժողովուրդի առաջին ուսուցչապետ՝ Ս. Մաշտոց-գիւտարարի հոյակերտ Այբուբենով, որ աւելի ցայտուն կերպով կը խորհրդանշէր … Continue reading Արժանավայել Նշում՝ «Թարգմանչաց Տօն»ին

«Աֆլաեութ»ի Հրատարակութեան Առիթով Գինեձօն՝ ՀԲԸ Միութեան ու Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Պատասխանատուներու Մասնակցութեամբ

ՀԲԸ Միութեան վարժարանները միշտ ալ յառաջատար եղած են, հանդէս գալով կրթաշէն արդիւնաւէտ ծրագիրներով ու նորարարական գրաւիչ նախաձեռնութիւններով, հաւատալով որ նոր սերունդը կը հաղորդուի կրթա-գիտական հարուստ գիտելիքներով, արհեստավարժական իրագործումներով և արդիական զարգացումներով: Նպատակը եղած է վեհ ու գործնապաշտ, որովհետեւ այդ սկզբունքով ու հեռանկարով միայն կարելի է քայլ պահել այն նուաճումներուն հետ, որոնք կ’արձանագրուին այս կամ այն … Continue reading «Աֆլաեութ»ի Հրատարակութեան Առիթով Գինեձօն՝ ՀԲԸ Միութեան ու Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Պատասխանատուներու Մասնակցութեամբ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւան Եւ Անդրանիկ-Անթիլիաս Սկաուտական Պատասխանատուներու Այցելութիւնները

ՀԲԸՄ-ՀԵԸի սկաուտական շարժումը, 1930ական թուականներէն սկսեալ, համատարած և արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալած է, ոչ միայն իր բազմաճիւղ ու բազմաբնոյթ ներդրումներով ու ներկայացումներով, դերակատարութիւններով և աշխուժութիւններով, այլեւ՝ դառնալով ուսանելի ԴՊՐՈՑ, ուր նորահաս սերունդները կը դաստիարակուէին ու կը կոփուէին ազգային, մարզական, մշակութային, գիտելիքային հարուստ պաշարներով: Պատահական չէր, որ ՀԲԸ Միութեան ծոցին ու հովանաւորութեան տակ ծնունդ առած ՀԵԸը, իր … Continue reading ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւան Եւ Անդրանիկ-Անթիլիաս Սկաուտական Պատասխանատուներու Այցելութիւնները

ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան՝ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր Մանկապարտէզէն ներս, երբ հնչեց 2023-2024 կրթական տարեշրջանին առաջին զանգը՝ աւետելով  ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններու Մանկապարտէզի վերամուտը:  Ժրաջան երեխաները նախ աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:Աշակերտները իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ  ուղղուեցան  դէպի դպրոցին մեծ բակը, ուր անոնք զանազան դաստիարակչական խաղերու մասնակցեցան, … Continue reading ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Ուսանելի Ու Շահեկան «Աշխատանքային» հաւաք. Զեկուցող Փորձագէտներ՝ Պրն.ք Ֆէտի Խուրի Եւ Փոլ Մոքլէր

ՀԲԸ Միութեան վարժարանները, իրենց կրթական վերամուտի բացումը կատարեցին, կազմակերպելով յատուկ աշխատանոց (workshop) մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն Միութեան ուսուցչակազմը այլեւ՝ այլ վարժարաններու պաշտօնակիցներ, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան, Ս. Խաչ-Հարպոյեան, ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի շաբաթօրեայ դպրոց, նաեւ ՝ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի աշխատակիցները: Օրակարգը, անշուշտ, պիտի ըլլար այժմէական ու մանկավարժական, կրթական մարզի նուիրեալներն ու … Continue reading Ուսանելի Ու Շահեկան «Աշխատանքային» հաւաք. Զեկուցող Փորձագէտներ՝ Պրն.ք Ֆէտի Խուրի Եւ Փոլ Մոքլէր

Կարպետագործութիւնը՝ Ի Պատուի. Հայաստանցի Մասնագէտ ու Լիբանանահայ Ուսանող Համատեղութեամբ

Հայկազեան Համալսարանի ուսանողական հարցերու գրասենեակի կազմակերպութեամբ, հետաքրքրական դասընթացք մը ծրագրուած էր մեր դպրոցական աշակերտներուն համար նախատեսելով հայկական կարպետագործութեան ուսուցման ու գործնականացման օրինակելի ոլորտ մը: (Ի դէպ, հայ ժողովուրդը ունեցած է հարուստ, ճոխ ու բազմակողմանի արուեստագիտական ձեռագործային իւրայատկութիւններ, ինչպէս՝ ասեղնագործութիւն, մետաքսագործութիւն, դերձանագործութիւն բրդագործութիւն, սփռոցագործութիւն, եւայլն, որոնք աշխարհով մէկ զուտ հայատիպ և անկրկնելի են): Ծրագիրը մասնագիտական հարթակի … Continue reading Կարպետագործութիւնը՝ Ի Պատուի. Հայաստանցի Մասնագէտ ու Լիբանանահայ Ուսանող Համատեղութեամբ

ՀԲԸՄի Վարժարաններու Մանկապարտէզի Բերկրալի Վերամուտը

Երբ Սեպտեմբեր եկաւ, Մենք պայուսակ բռնեցինք, Մանկապարտէզ կարօտցած՝ Դէպի դպրոց մենք գացինք: Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29ի առաւօտեան խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէր մանկապարտէզէն ներս:  Գոյնզգոյն փուչիկներով զարդարուած մուտքը դասարաններն ու բակը պատրաստ էին դիմաւորելու սիրասուն մանուկները: Ճիշդ ժամուն հնչեց առաջին զանգը աւետելով 2022-2023 կրթական տարեշրջանին վերամուտը:  Ժրաջան երեխաները նախ աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի … Continue reading ՀԲԸՄի Վարժարաններու Մանկապարտէզի Բերկրալի Վերամուտը

Սանուհի Լիկա Ապաճեան Ճատրակի Աղջկանց Մրցաշարքի Ախոյեան

Ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ մեր վարժարաններէն 10րդ դասարանի սանուհի՝ Լիկա Ապաճեանը, հանդիսացած է աղջկանց առաջին մրցանակներուն, ստանալով արժէքաւոր մետալներ: Այս տուչութիւնները կատարուած են՝ Զահլէի, Պայսուրի և Ալէյի մէջ կայացած ճատրակի միջազգային մրցանքներուն, ուր ան արժանացած է պատուաբեր այս յաջողութիւններուն: Այս բարեպատեհ առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր արժանաւոր աշակերտուհին, իր արձանագրած բացառիկ յաղթանակներուն համար, … Continue reading Սանուհի Լիկա Ապաճեան Ճատրակի Աղջկանց Մրցաշարքի Ախոյեան

Պատշաճ Ոգեկոչում Ու Նշում Հայաստանի Անկախութեան Առիթով

Անկախութիւնը սրբազան հասկացողութիւն մըն է մանաւանդ հայ ժողովուրդին համար, որ ամբողջ 700 տարի սպասեց զայն իրականացած տեսնելու, մինչեւ որ 21 Սեպտեմբեր 1991ին, ան նուիրագործուեցաւ, յուրախութիւն ու ցնծութիւն համայն հայութեան: Իրաւացի էր հայ ժողովուրդը իր ակնկալութեան մէջ, որովհետեւ անկախութիւնն էր, որ պիտի երաշխաւորէր իր գոյութիւնը, պահպանէր իր ինքնութիւնը, արժեւորէր իր  դերակատարութիւնը, համաշխարհային մեծ ընտանիքին մէջ: Պատահական … Continue reading Պատշաճ Ոգեկոչում Ու Նշում Հայաստանի Անկախութեան Առիթով

Վերամուտեան Բարձր Տրամադրութիւն

Այս տարի, վերամուտը սկսաւ խոստմնալի և յուսադրող տրամադրութիւններով, հաւատալով որ ան անխափան և անսայթաք ընթացք մը կ’ունենայ: Աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ ու վճռակամութեամբ յաճախած էր վարժարան, պատշաճօրէն դիմաւորելու վերամուտը, համոզուած ըլլալով որ անիկա իր հարազատ երկրորդ տունն է, ուր ամբողջ կրթական տարեշրջան մը պիտի բոլորէ: Այս առիթով, մարմնամարզանքի ժրաջան ուսուցչուհի Տիկ. Նայիրի Հայրապետեան-Էլսուէյտի, պատրաստած էր խնամեալ ծրագիր … Continue reading Վերամուտեան Բարձր Տրամադրութիւն

Մշակոյթ-Թուայնացում-Արհեստագիտութիւն-. Զեկուցող՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Միութեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը և Շրջանաւարտից վարչութիւնը անմիջական կապի մէջ են իրենց շրջանաւարտներուն ու սաներուն հետ, անձամբ թէ առցանց հաղորդակցութիւններու միջոցով, ամէն անգամ որ առիթը ընծայուի, արտասահման գտնուող կամ Պէյրութ բնակող իրենց նախկին աշակերտներուն հետ: Քաջալերական է այս երեւոյթը, թէ՛ վարժարաններուն, թէ՛ ենթականերուն համար, որովհետեւ ֆիզիքական, անձնական ու բարոյական կամուրջներ կը ստեղծուին ու կը պահուին, ինչ … Continue reading Մշակոյթ-Թուայնացում-Արհեստագիտութիւն-. Զեկուցող՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Ֆապրիանօ Նկարչական Մրցանք

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ՀԲԸՄի Վարժարաններու 9-րդ դասարանի սան Սերժ Թաշճեանը, մասնակցելով Ֆապրիանօ ընկերութեան կազմակերպած նկարչական մրցանքին՝ արժանացաւ յատուկ մետալի եւ համապատասխան մրցանակի: Մրցանակի տուուչութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2022-ին, Ֆապրիանօ ընկերութեան կազմակերպած աշակերտական գործերու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին: Սերժը իր մետալը ստացաւ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Իմատ Աշքարէն եւ Ֆապրիանօ ընկերութեան … Continue reading Ֆապրիանօ Նկարչական Մրցանք

Ուսանելի Այցելութիւն՝ «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Մեր վարժարաններու աշակերտութիւնը գրեթէ ամէն տարի կ’այցելէ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը, ծանօթանալու անոր ներքին կառոյցներուն, ուսման ընթացքին, զբաղումներուն և ընդհանրապէս առօրեային: Այս տարի եւս, 6 Մայիս 2022ին, ուսուցչուհիներ՝ Արմիկ Եաղլեանի, Մանիշակ Ալեքսանեանի, Թալին Մելիքեանի և Լէյլա Ֆարհաթի առաջնորդութեամբ, 6-9րդ դասարաններու աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ  «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան եւ «Թռչնոց Բոյն», տեղւոյն վրայ ծանօթանալու այս կարեւոր կրթական-բարեսիրական-մարդասիրական հաստատութեան առաքելութեան: … Continue reading Ուսանելի Այցելութիւն՝ «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Ս. Զատկուան ու ՀԲԸՄի Տարեդարձի Նշումներ. Մարզական Փառատօն-Մրցանակաբաշխումներ

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2022ը, իրապէս տօնական իւրայատուկ օր էր. մեր ամբողջ աշակերտութիւնը և ուսուցչակազմը, համախմբօրէն կը նշէին Ս. Զատկուան ոգեշնչութեան պատգամախօսութիւնը, իր կրօնական ու դաստիարակչական բովանդակութեամբ, ապա, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 116 ամեակը, ճոխ, բազմերանգ ու տպաւորիչ՝ յաղորդական զոյգ ու տարբեր յայտագիրներով: Հարազատ մնալով Զատկուան արարողութեանց աւանդութեան, որուն շարքին՝ հաղորդութեան ընդունումը, ձեռամբ մեր վարժարաններու … Continue reading Ս. Զատկուան ու ՀԲԸՄի Տարեդարձի Նշումներ. Մարզական Փառատօն-Մրցանակաբաշխումներ

Գործնական ու Գիտելիքային Ուսմունքներ NDUԷն Ներս

Նախորդ տարիներու հետեւողութեամբ, այս տարի եւս, մեր աշակերտները առիթ ունեցան այցելելու NDU համալսարան, որպէսզի ծանօթանան ու հետեւին գործնապէս և անմիջականօրէն, ապագայի իրենց ընտրելի կամ նախասիրելի ճիւղերուն ու մասնագիտութիւններուն, պատկան դաստիարակներու հսկողութեամբ, բացատրութեամբ կամ նկարագրութեամբ: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022ին, երբ 11րդ դասարանի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի և   հերթապահ Պրն. Գէորգ Կարապետեանի, … Continue reading Գործնական ու Գիտելիքային Ուսմունքներ NDUԷն Ներս