Կարպետագործութիւնը՝ Ի Պատուի. Հայաստանցի Մասնագէտ ու Լիբանանահայ Ուսանող Համատեղութեամբ

Հայկազեան Համալսարանի ուսանողական հարցերու գրասենեակի կազմակերպութեամբ, հետաքրքրական դասընթացք մը ծրագրուած էր մեր դպրոցական աշակերտներուն համար նախատեսելով հայկական կարպետագործութեան ուսուցման ու գործնականացման օրինակելի ոլորտ մը: (Ի դէպ, հայ ժողովուրդը ունեցած է հարուստ, ճոխ ու բազմակողմանի արուեստագիտական ձեռագործային իւրայատկութիւններ, ինչպէս՝ ասեղնագործութիւն, մետաքսագործութիւն, դերձանագործութիւն բրդագործութիւն, սփռոցագործութիւն, եւայլն, որոնք աշխարհով մէկ զուտ հայատիպ և անկրկնելի են):

Ծրագիրը մասնագիտական հարթակի վրայ դնելու նախանձախնդրութեամբ, Հայկազեանը հայրենիքէն հրաւիրած էր երեք գորգագէտներ, գորգագործներ ու գորգամասնագէտ փորձագէտ-դասախօսներ, որոնք արդէն անուանի հեղինակութիւններ են և այս մարզէն  ներս հոյակապ ներդրումներով, ձեռաշխատանքներով ու ցուցադրութիւններով հանդէս կու գան:

Ուրախալի է, որ բազմաթիւ թեկնածուներ ընդառաջեցին այս իւրայատուկ արուեստին նուիրուելու և իրենց աշխատանքներով, ոչ միայն մասնակից դարձան, այլեւ՝ շատեր արդէն իրենց «ստեղծագործութիւններ»ով նշանակալից բաժին բերին:

Բացայայտ էր, որ բոլոր մասնակիցները մեծապէս խանդավառ էին այս նոր արուեստին ծառայելէ և իրենց հնարքներով, թէ՛ ինքնագոհութիւն կ’ապրէին, թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն գնահատականներուն կ’արժանանային, ինչ որ կը նշանակէ թէ մեր  նոր սերունդին մէջ կան շնորհալիներ, որոնք հետամուտ են հայ արուեստի գծով, իրենց ունակութիւնները արտայայտելու ու զարգացնելու:

Իսկ այս առիթը, իրենց համար ըլլալով բոլորովին նոր և ինքնատիպ բնագաւառ մը, ահաւասիկ պերճախօս օրինակ մը, հակում մը, ուր մեր աշակերտները ինքզինքնին գործնապէս արդարացուցին:

Հոս կ’արժէ յիշել, որ՝ հակառակ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ տիրող վերիվայրումներուն, մեր ժողովուրդը, իր տարբեր խաւերով ու ներկայացուցիչներով, կը հետամտի կառչած մնալ իր արմատներուն ու հարազատուիլ իր ինքնութեան հետ:

Արդարեւ, հայրենիքի մէջ, մշակութային և արուեստագիտական աշխարհը կը մնայ կենսունակ ու կանգուն, իր կառոյցներով ու գործունէութիւններով, իր մասնագէտներով ու դերակատարներով, որպէսզի նոր սերունդը ոչ միայն ծանօթանայ իր ազգային գիտակցութեան ու խորհրդանմուշներուն, այլեւ՝ տիրապետէ անոնց հոգեկան և արտադրողական արտայայտութիւններուն:

Սփիւռքը եւս, այս պարագային լիբանանահայութիւնը, առանց ընկրկելու կամ նահանջելու, տէր կը կանգնի իր նահապետական աւանդոյթներուն և ազգային արժէքներուն, յատկապէս իր երթին մէջ ներգրաւելով դպրոցականները, համալսարանականները և ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը:

Որոշապէս այս մակարդակի վրայ, Հայաստանի ու Սփիւռքի յարաբերութիւնները կը գտնուին (պէտք է գտնուին) խիստ խրախուսիչ ընթացքի մը մէջ, յատկապէս արուեստի մարզին ընդմէջէն հասնելու նոր ու մնայուն նուաճումներու:

*

*     *

ՀԲԸ Միութեան վարժարանները եւս մասնակցեցան այս շինիչ և ուսանելի արուեստամէտութեան ձեռարուեստի գործին, ընկերակցութեամբ՝ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի, հետեւեալ աշակերտներով.

Սերժ Թաշճեան

Գալին Ժերթիտեան

Պետրոս Ուաննէս

Ալին Գեւորգեան

Ներսէս Տուզճեան

Մարտիկ Խաչատուրեան

Միրէյ Անթունեան

Մաղթելի է որ այս և այլ համագործակցութիւնները, աւելի յաջորդական հաստատուն և օգտաբեր ուղիներով ընթանան, մեր իրերայաջորդ սերունդները լուսաւորելով իսկական ճառագայթումներով:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *