ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան՝ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր Մանկապարտէզէն ներս, երբ հնչեց 2023-2024 կրթական տարեշրջանին առաջին զանգը՝ աւետելով  ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններու Մանկապարտէզի վերամուտը:  Ժրաջան երեխաները նախ աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:Աշակերտները իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ  ուղղուեցան  դէպի դպրոցին մեծ բակը, ուր անոնք զանազան դաստիարակչական խաղերու մասնակցեցան, գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ պատրաստեցին ու վերամուտը խորհրդանշող պատկերներով եւ փուչիկներով նկարուեցան: 

Օրուան ընթացքին փոքրիկները հերթաբար ծանօթացան իրենց ուսուցչուհիներուն ու անոնց դասաւանդած նիւթերուն:    

Առաջին օրը հեզասահ անցաւ եւ կէսօրին փոքրերը տուն մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ, գունաւոր փուչիկներով եւ ձեռային աշխատանքներով:

Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2023-ին, Մանկապարտէզի Ծիլ դասարանը վերաբացաւ իր դռները, ու իր բարեփոխուած եւ ճաշակով յարդարուած ջերմ յարկին տակ ընդունեց անուշիկ Ծիլերը:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *