ՀԲԸ Միութեան Վարժարաններ – Աւարտական Դասարաններու Հպարտացնող Ամավերջի Հանդէս

Կրթական տարեշրջան մը եւս բոլորուեցաւ և անցաւ պատմութեան գիրկը, իր անջնջելի դրոշմը ձգելով, իր գոյութիւնը արդարացնող երաշխիքներով և իր առաքելութիւնը վերանորոգող խոստումով:

 

Ամավերջի հանդէսները հանրագումարի կը բերեն ուսումնական տարեշրջանի իրագործումներն ու նուաճումները, իրենց դրական և արդիւնաւէտ հետեւանքներով, որովհետեւ այդ բոլորը ցոյց կու տան ու կը հաստատեն, թէ հայ դպրոցը ո՜րքան կարեւորութիւն և անկրկնելիութիւն կը ներկայացնէ, ոչ միայն շրջանաւարտներուն, այլեւ՝ վարժարաններու ուսումնական պատասխանատուներուն ու ծնողներուն համար:

Վստահաբար, այս է պատճառը, որ հայ դպրոցը և իր պատասխանատուները, ամբողջ տարեշրջանի մը բարւօք անցումէն ետք, իրաւացի ակնկալութեամբ կը պատրաստուին, կրթական տարեշրջանը եզրափակելու յատուկ ձեռնարկներով, որոնց մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն ամավերջի վկայականաց հանդէսները:

Անհամբերութիւն մը, որ վարակած կ’ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք առնչուած են ու կը դառնան այդ ստուգատեսին հետեւորդներն ու կիրարկողները, արդարօրէն զայն վայելելու և ընկալելու պատրաստակամութեամբ, հաւատալով որ՝ դպրոց-ծնողք-ընկերութիւն համագործակցութիւնը կ’ենթադրէ նման վերաբերմունք մը, դէպի աւելի բարձր դիրքեր ու հանրօգուտ ներդրումներ:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որ միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է ու մասնաւոր հոգատարութիւն ցուցաբերած՝ հայ կրթարաններու հիմնումին, բարգաւաճումին և արդիականացումին, իր ուսումնական, ազգային ու հայկական առաջադրութիւններով, կը շարունակէ նոյն կորովով և աշխատունակութեամբ, վառ պահել կրթական այդ փարոսներուն ճառագայթումը:

Ասկէ՝ նուիրական պարտականութիւն մը կայ Միութեան մօտ, խոր համոզում մը, որ հայ դպրոցը լաւագոյն և անփոխարինելի դարբնոց մըն է և պէտք է մնայ այդ հարթակին վրայ, դաստիարակելու նոր սերունդներ, իբրեւ մարդ, հայ, գիտակից և յանձնառու դաստիարակութեամբ, դառնալու վաղուան յուսադրող առաջնորդը ու նուիրեալ խոստմնալից ազգայինը:

Պատմութիւնը վկայ, իր հարուստ ժառանգով, արդէն կ’երաշխաւորէ, թէ Միութիւնը հսկայ աւանդ մը ձգած է այս կապակցութեամբ, պատուաբեր յաջողութիւններով ու նախանձելի ծրագիրներով, որոնց արդիւնքներուն դէմ յանդիման կ’ըլլանք, երբ կը տեսնենք այն բիւրաւոր շրջանաւարտները, որոնք աշխարհով մէկ տարածուած են և իրենց բարձրագոյն մասնագիտութիւններով ու կոչումներով կը զբաղեցնեն պատասխանատու պաշտօններ ու դիրքեր, պատիւ բերելով իրենց ժողովուրդին, ընտանիքին ու շրջանակներուն, իրենց դպրոցական աւարտը, սկիզբը նկատելով այն յաջորդական վերելքին, ուրկէ առած են իրենց նախնական, բայց հիմնական ուսումը, ապագայի ծառայողական մարզերու հետեւելու բարձր գիտակցութեամբ:

*

*    *

29 Յունիս 2019ի ՀԲԸՄի վարժարաններու աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսը, նորագոյն օրինակն է այն ոգեշնչող մթնոլորտին, որուն մասնակից դարձան միութենական, ուսուցչական, ծնողական ու բարեկամական շրջանակներ, միասնաբար նշելու ընթացիկ կրթաշրջանի աւարտական հանդէսը, բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեամբ:

Հանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ՀԲԸՄի Կրթական Յանձնախումբին:

Ներկայ էին՝ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան ռազմական կցորդ՝ Պրն. Ալեքսան Մուշեղեանը, ՀԲԸՄի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանը և անդամ՝ Պրն. Վիգէն Չերչեանը, նաեւ՝ նոյն վարչութեան անդամուհի ու Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Արտա Եանըքեանը և անդամուհի՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանը, Միութեան և ՀԵԸի այլ մարմիններու ներկայացուցիչները:

24 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ, հանդիսասրահ մուտք գործեցին, առաջնորդութեամբ ուսուցիչ՝ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի, երաժշտական համապատասխան նուագակցութեամբ ու ներկաներու ծափողջոյններով, ՀԲԸ Միութեան և անոր վարժարաններու զոյգ պաստառներու աչքառու ցուցադրութեամբ:

Յոտընկայս ունկնդրութեամբ, հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի և ՀԲԸՄի քայլերգները, որմէ ետք բացումը կատարեց՝ Պրն. Տէր Առաքելեան, անդրադառնալով այս հանդիսութեան ցնծագին կարեւորութեան և անկէ ներշնչուելու հոգեպարարութեան, ապա, բեմ հրաւիրեց՝ Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանը, իր «Կրթական խօսքը» փոխանցելու:

Պրն. Վասիլեան, համապարփակ ձեւով ներկայացուց Միութեան վարժարաններու ներուսումնական և արտուսումնական գործունէութիւնները, արձանագրուած իրագործումները ու պատուաբեր յաջողութիւնները, որոնք  մեծապէս գնահատուէցան ներկաներուն կողմէ:

Վկայականներու ու մրցանակներու բաշխման համար, Պրն. Ռաֆֆի բեմ հրաւիրեց՝ Տիկիններ Սիլվա Լիպարիտեանը, Արտա Եանըքեանը, Սինթիա Մենտիլեանը, Պրն. Վիգէն Չերչեանը և Պրն. Արա Վասիլեանը, որոնց ձեռամբ կատարուեցան տուչութիւնները, բուռն ծափահարութիւններու արժանացնելով իւրաքանչիւր շրջանաւարտն ու մրցանակակիրը:

Բովանդակալի, ուսանելի ու գնահատելի ուղերձներ արտասանեցին.

  • Վանա Ճորճեան՝ Հայերէն
  • Փաթիլ Պէքարեան՝ Արաբերէն
  • Ալին Պետոյեան՝ Անգլերէն
  • Գառնի Մարտիրոսեան՝ Ֆրանսերէն
  • Տիանա-Փաթիլ Պապիկեան՝ երախտագիտական խօսք

Հանդէսը ճոխացաւ գեղարուեստական կոկիկ ու պատշաճ յայտագիրով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանաւարտներ.

  • Գառնի Մարտիրոսեան – Նուագ՝ կիթառ «Milonge» Argentinian Traditional Tango, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի
  • Գարին Հաճեան – Մեներգ՝ «Տուն Իմ Հայրենի» (Ա. Աւագեան)
  • Խմբային ասմունք՝ «Հին Օրհնութիւն» (Յովհաննէս Թումանեան) – Աբրահամ Մըսըրլեան, Նարեկ Երեմեան, Վիքի Սընըքճեան, Ստեփան ճանիկեան, Սթեֆանի Ժամկոչեան
  • Մարիա Շերպէթճեան – նուագ՝ ջութակ, «Օրօր» (Ալ. Սպենդիարեան), դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեանի

«Հուսկ Բանք»ը կատարելու համար հրաւիրուած էր, նախկին շրջանաւարտուհի՝ Դոկտ. Քրիսթին Ղազարեանը, որուն կենսագրութիւնը ներկայացուց Պրն. Ռաֆֆի, նշելով անոր ակադեմական, գիտական դասախօսական ու հասարակական դերակատարութիւնները:

Դոկտ. Ղազարեան, նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս պատիւին համար, ապա, իր խօսքը ուղղելով աւարտականներուն, կեանքի ու գործունէութեան իր փորձառութիւններէն տուաւ խրատներ և յորդորներ, ազգային թէ մասնագիտական աշխարհի մէջ ըլլալու մտացի, տիպար, աշխատասէր, միշտ պատրաստ՝ օգնելու հայ ժողովուրդին ու զօրակից՝ Միութեան:

Հետաքրքրական ու տպաւորիչ էր այն պահը, երբ շրջանաւարտներ՝ Ճեսիքա Տիշաքճեան և Սէրլի Պոյաճեան, աւարտականներու ուխտը կատարեցին, իրենց հաւատարմութիւնը յայտնելով հայու ինքնութեան պահպանումին, Հայաստանի և Արցախի յաւերժութեան, Միութեան անդամակցութեան, ընտանիքի երախտապարտութեան:

Աւարտին, շրջանաւարտները խանդավառութեամբ ու կարգապահութեամբ, ծնողներու անսահման ուրախութեան և ոգեւորութեան տրամադրութեամբ, լայնանիստ պատշգամին մէջ ընդունեցին բարեմաղթութիւնները և սրտագին զգացումները շնորհաւորողներուն:

Ապա, օրուան խորհուրդը արտայայտող կարկանդակը հատուեցաւ ու ճաշակուեցաւ, մինչ մտերմիկ զրոյցներն ու խօսակցութիւնները շարունակուեցան ջերմութեամբ, յաճախ յիշելով դպրոցական լաւ  անմոռանալի պահերն ու օրերը:

Արժանի հանդիսութիւն, յիշատակելի ներկայացում ու հպարտառիթ պատկերներ:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *