«Ինքնաշարժ Վարելու Օրէնքներ ու Կանոններ» Զեկուցողներ՝ Մեթնի Եղբայրներ

Գ. քառորդի առաջին ատենամարզանքը տեղի ունեցաւ 8 Փետրուար 2019ին:

Նիւթն էր ինքնաշարժ վարելուն հետ առընչուած հարցերը, իրենց օրինապահութեամբ, կանոններու յարգումով, օրէնքներու գործադրութեամբ և ընդհանրապէս ինքնաշարժին դերը և տեղը մեր իրականութեան մէջ, իր թերութիւններով և առաւելութիւններով:

Այս այժմէական նիւթը ներկայացնելու համար, Տնօրէնութիւնը հրաւիրած էր Ժորժ և Ռոյ Մեթնի եղբայրները, որոնք՝ հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, ոչ միայն անդրադարձած էին անոր հրատապութեան, այլեւ այդ գծով մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած, իրենց սեփական հաստատութիւնը հիմնելով, Լիբանանի մէջ դառնալով ծանօթ անուն մը, նոյնիսկ միջազգային ոլորտներու կողմէ ճանչցուելով:

Տեղին է նշել, որ իրենց հանգուցեալ հայրը եղած է Լիբանանի ինքնաշարժ-սփորի ախոյեան և զաւակները որոշած են անոր յիշատակը վառ պահել, նման ընկերութիւն մը հիմնելով, ի ծառայութիւն երթեւեկի օրէնքներու գործադրութեան և անվտանգութեան:

Հիմնուած ընկերութեան նպատակն էր, լիբանանցիներուն և յատկապէս երիտասարդութեան մղելու, զգոյշ ըլլալու և երթեւեկի չափազանցութիւններու չդիմելու, արագութեան թէ կողմնակի ու խառնակող զբաղումներէ հեռու մնալու, բջջային գործիքէն հրաժարելու, ապահովութեան գօտի գործածելու, վարելու օրէնքները կիրարկելու, իսկ արգիլեալ տարիքէն առաջ բնաւ փորձութեան չենթարկուելու ինքնաշարժ վարելու:

Մեթնի եղբայրները, տեսերիզի ցուցադրութեամբ, բացատրութիւններով ու թելադրութիւններով, գրեթէ ամբողջական գաղափար մը տուին, թէ ինքնաշարժ վարելը, իր բազմաթիւ այլ գրաւիչ կողմերով հանդերձ, խիստ վտանգաւոր և աղիտաբեր է, երբ անոր գործածութիւնը կը շահագործուի, դուռ բանալով տխուր հետեւանքներու, որոնցմէ խուսափելու համար անհրաժեշտ է միշտ զուսպ ու չափաւորական ըլլալ և յատկապէս հետեւիլ երթեւեկի պետական կանոններու ճշգրիտ գործադրութեան:

Աշակերտութիւնը, մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ զեկուցողներուն ցուցմունքներուն, մերթ ընդ մերթ պատասխանելով անոնց հարցումներուն, հոն ուր պէտք էր կամ զինք կը հետաքրքրէր, հաղորդական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով, ինչ որ գնահատուեցաւ նաեւ զեկուցողներէն:

Այս կարեւոր օրակարգին անդրադարձումը, իսկապէս արժանի էր նման արծարծումի, դպրոցական տարիքէն, ցոյց տալու համար, որ ինքնաշարժ վարելը և անոր հետ վերաբերուիլը դաստիարակութիւն է, այս պարագային՝ քաղաքացիական:

Երիտասարդ փորձագէտները կրցան լուսաբանել աշակերտութիւնը ընկերային այս հիմնական հարցին նկատմամբ ունենալու տուեալներ ու գիտելիքներ, պատշաճօրէն վերաբերուելով անոր հետ, երբ ժամանակը հասնի:

Աւարտին, Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, ջերմապէս շնորհաւորեց զեկուցողները, իրենց տարած քաղաքացիական ու մարդասիրական նպաստին համար, լիբանանցի նոր սերունդը դաստիարակելով այդ ոգիով ու գիտակցութեամբ, մինչ աշակերտներ՝ ծաղկեփունջերով շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *