Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Դրամատնային Համակարգ – Զեկուցողներ` Յարութ Պուլտուքեան եւ Էլզա Սարգիսեան

10 Ապրիլ 2017ին, մեր աշակերտութիւնը, արտաուսումնական հետաքրքրական նիւթ մը ունկնդրելու պատեհութիւնը ունեցաւ, որ կապուած էր դրամատնային համակարգին, իր գործառոյթներով ու դրոյթներով, որոնք, այսօր, աշխարհին մէջ կը գրաւեն հիմնական տեղ, այնքան ատեն որ նիւթական փոխանցումներն ու արժեւորումները կ՛իրականանան դրամատնային հաստատութիւններու միջոցով:

Տնտեսական եւ առեւտրական ներկայ իրականութեան մէջ ներգրաւելու եւ անոր աշխատանքային բնոյթին ու զարգացումներուն ծանօթացնելու համար, վարժարան հրաւիրուած էին հայազգի զոյգ երիտասարդ դրամատնային պաշտօնեաներ. Պրն. Յարութ Պուլտուքեան, որ «Պիպլոս» դրամատան Պուրճ համուտի մասնաճիւղի տնօրէնն է եւ Էլզա Սարգիսեան, նոյն դրամատան աւագ աշխատող է:

Ընդհանուր Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, պատշաճ ձեւով ներկայացուց հիւրերը, որմէ ետք, անոնցմէ իւրաքանչիւրը խօսեցաւ դրամատնային կառոյցին ու կարեւորութեան մասին, նկարագրելով անոր առաւելութիւնները եւ անոնցմէ օգտուելու կարելիութիւնները, առաւել՝ դրամատուն մը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ մարդկութեան մօտ եւ ինչո՞ւ պէտք է դիմել անոր օժանդակութեան:

Զեկուցողները թելադրական գտան, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները, յետագային, իրենց տարբեր մասնագիտութիւններու ընտրութեանց մէջ, նոյնքան կարեւորութեամբ նկատի առնեն կամ ընտրեն դրամատնային ասպարէզը:

Այս բացատրութիւններու լոյսին տակ, առ ի գիտութիւն, զեկուցողները յայտնեցին, թէ «Պիպլոս» դրամատունը, համալսարան յաճախողներուն համար կրթաթոշակներ կը յատկացնէ, փոխատուութեան կարգով, որ ուսանողներուն համար նպաստաւոր առիթ մըն է, հետեւաբար, կարել է անկէ օգտուիլ:

Պրն. Վասիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն, որոնք այս առիթը լաւագոյնս օգտագործեցին, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը փոխանցելով աշակերտութեան:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *