ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարան – Բարեգործական նպատակով՝ սննդեղէնի վաճառք

Մեր Միութեան բարեգործական ծաւալուն աշխատանքներէն ներշնչուած՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի  8-րդ  դասարանի  աշակերտները՝ Զատկուան տօնին առիթով ցանկութիւն յայտնեցին  համեստ բարեգործութեամբ մը  օգտակար դառնալ յատուկ հոգատարութիւն  եւ խնամք պահանջող անհատներու: Մեծ եռանդով, Հինգշաբթի 6 Ապրիլ 2017-ին դպրոցի շրջափակին  մէջ կազմակերպեցին սննդեղէնի  վաճառք, որուն հասոյթը ցանկացան որպէս կրթանապաստ տրամադրել Հ.Բ.Ը.Մ.ի  վարժարանները յաճախող աշակերտի մը, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց կեդրոնին՝ որուն հովանիին տակ  կը ծաղկին յատուկ  երեխաներու ունակութիւնները:

 

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *