Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան – «Մեր Գիւղը»

Մարտ ամիսը բեղուն ամիս մը եղաւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտութեան համար, շաբաթական դրութեամբ տարբեր բնոյթի ատենամարզանքներ կազմակերպեցինք, որոնք կը միտին աշակերտներուն մտային ու հոգեկան զարգացման և  կը յայտնաբերեն անոնց ձիրքերն ու տաղանդները:

Արդարեւ Հինգշաբթի, 30 Մարտին երկրորդ կարգի աշակերտներու կազմակերպութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Մեր Գիւղը» խորագիրով ներկայացումը, նախաձեռնութեամբ Տիկին Հէլէն Էլ Ժըմայէլի:

Թատերգութեան դէպքը տեղի կ’ունենայ Լիբանանի Ուատի էլ Քարըմ գիւղին մէջ:  Ժատ անունով փոքրիկ մը կ’ուզէ իր ամառնային արձակուրդը անցընել իր մեծ հօր գիւղը:  Ճամբան կը հանդիպի խումբ մը մարդոց, որոնք կ’օգնէն իրենց դրացիին և շատ մեծ կ’ըլլայ անոր զարմանքը երբ կ’իմանայ թէ անոնք սիրայօժար և կամաւոր կ’օգնեն առանց վարձատրութեան:  Ապա շարունակելով  ճամբան կը հանդիպի խումբ մը պատանիներու, որոնք ուրախ կը խնդան, կը հարցնէ պատճառը և անոնք կը պատասխանեն թէ այսօր Սուրբ Ապտայի տօնն է և եկեղեցւոյ բակը զանազան խաղեր կազմակերպած են, և կ’առաջարկեն Ժատին, որ ընկերանայ իրենց, բայց ան կը մերժէ և կ’ուզէ տունը իր համակարգիչով խաղալ:  Կէսօրին Ժատը կ’անօթենայ և տուն կ’երթայ ճաշելու, սակայն մեծ մօրը պատրաստած ճաշը չի հաւնիր և կը նախընտրէ փռապանէն խմորեղէն ուտել:

Յաջորդ օրը ճաշարան մը կ’երթայ և բիզա կ’ապսպրէ ու կ’ուտէ, և այսպէս մէկ ամիս շարունակ միայն ճաշարանի ճաշերը կ’ուտէ:  Օր մըն ալ երբ տուն կը վերադառնայ ուժասպառ գետին կ’իյնայ:

Անմիջապէս բժիշկը կը կանչեն, որ քննելով հիւանդը կը յայտնէ թէ ան ուտելիքէն թունաւորուած է:  Մեծ հայրը կը խրատէ, որ տան պատրաստած ուտելիքները առողջարար են, խուսափինք դուրս վաճառուող ուտելիքներ ուտելէն, բնութեան գիրկը դառնանք, շատ ջուր խմենք և մարզանք ընենք առողջ ապրելու համար:

Թատերգութիւնը ընդմիջուեցաւ հայկական և արաբական պարերով, ինչպէս նաեւ հայերէն և ֆրանսերէն երգերով:

Բ. կարգի աշակերտները իրենց սքանչելի ներկայացումով, երգերով ու պարերով արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:  Յայտագրի աւարտին անոնք գիւղէն բերած ծաղիկի թաղարներ նուիրեցին իրենց մայրերուն:

Վարժարանիս Տնօրէնուհին Սիկին Մարալ Պալեօզեան խօսք առնելով գնահատեց աշակերտներուն անթերի ներկայացումը և աւելցուց թէ անոնք այս ներկայացումով կրցան գիւղին կենցաղը, բարքերն ու սովորութիւնները փոխանցել մեզի:  Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիին Տիկին Հէլէն Էլ ժըմայէլին:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *