Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Տիկնանց Յանձնախումբը Կը Պատուէ Ուսուցիչները

Պօղոս  Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  Տիկնանց  Յանձնախումբը,  աւանդութիւն  դարձուցած  է  հիւրասիրութեամբ մը, ամէն  տարի  նշելու ուսուցչաց  տօնը, մեծարելու  եւ  փառաբանելու  համար այն  անձնուրաց  եւ  վեհոգի  անձիք, որոնք  իրենց  կեանքը  նուիրած են  ու  կը  շարունակեն  նուիրել  մատղաշ  սերունդի  կրթութեան  եւ  դաստիարակութեան:

Արդ, Երեքշաբթի  7 Մարտին, վարժարանիս  տնօրէնութիւնն ու  ուսուցչական  կազմը հրաւիրուած էին  սրահը, ճաշակելու ժրաջան  տիկիններու  պատրաստած  համադամ ճաշերն  ու  խորտիկները: Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ կարկանդակի հատումով: Վարձքը կատար բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք կանթեղի պատրոյգին նման վառելով կը լուսաւորեն մատղաշ սերունդներուն մտքերը, պատրաստելով արժանաւոր հայորդիներ:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *