Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւորում

zom-studentsԻնչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, մեր վարժարանի գերազանց աշակերտները մասնակցեցան «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած պարգեւորման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին՝ պարգեւներ ստացան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները: Ուրախ ենք, որ մեր աշակերտները այս տարի եւս արժանացան ուսումնական այս պարգեւներուն, անգամ մը եւս ապացուցելով, որ անոնք յառաջադէմ սաներ են, արժանի համապատասխան գնահատանքի, յար եւ նման այլ մրցանքներու ու պարգեւներու, որոնք իրենց բաժին կ՛իյնայ, ամէն անգամ որ գրաւեն պատուաբեր արդիւնք մը:

Պետական քննութիւններու պարագային, 28 լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներու խումբին մէջ՝ մրցանակ ստացան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրոդական Վարժարանի 9 աշակերտներ՝

Իրէնա Գանձապետեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնտեսագիտական Բաժնի բարձրագոյն միջին), Վերժինի Քէշիշեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնտեսագիտական Բաժնի երկրորդ բարձրագոյն միջին), Աւետիս-Նարեկ Տաքէսեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Գիտական Բաժնի երրորդ բարձրագոյն միջին), Մանուէլ Տաքէսեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Գիտական Բաժնի չորրորդ բարձրագոյն միջին), Ալեքս Մանուկեան, Գարինա Թոքաճեան, Քրիսթին Հալաճեան, Լարա Պետոյեան եւ Գառնա Չափութեան:

Իսկ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած Յարութ Կիւլիւզեանը, լիբանանահայ վարժարաններու այլ աշակերտներու կողքին, արժանացաւ յատուկ մրցանակի:

Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր սաները ու անոնց ծնողները, եւ կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն՝ իրենց ուսումնական կեանքին մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարժարաններու Տեղեկատուական Գրասենեակ

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *