Ամանորեան Գեղարուեստական Տօնակատարութիւն

BeFunky Collage

Ամավերջը մօտալուտ է:

Տրամադրութիւնները բարձր են:

Ոչ միայն վարժարանը գեղազարդուած է, այլեւ՝ հոգիները:

22 Դեկտեմբեր 2015: Տօնական օր ըլլալը ակներ եւ է, հին տարուան հրաժեշտ տալու ու նորը դիմաւորելու, արձակուրդային նախօրեակով ու վաղորդայնով:

Ոգեւորիչ երաժշտութիւնը կը հնչէր ամենուրէք, ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով աշակերտութեան մօտ, որ պատրաստ էր գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով մը հանդէս գալու, գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ուսուցիչ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի:

Բացման խռսքը կատարեց Գառնա Չափութեան (12րդ դասարան), որ ազդանշանը տուաւ ատենամարզանքի պահուն, յաջորդաբար բեմը տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք գեղարուեստական բաժին մը ունէին, անհատական, խմբային թէ դասարանային մասնակցութիւններով, ըստ հետեւեալ հերթականութեան:

. “Cup Song” (12րդ դասարան՝  LS/GS)- գաւաթներու հաւաքական երգ ու նուագ

. Պար (6րդ դասարան)

. Երգ, “Les Anges” (7րդ դասարան)

. Պար, “Macarena” (8րդ դասարան)

. Դաշնակ “Նազ Պար”, Սինթիա Անթոսեան

. Երգ, “Let It Snow”, Մարիա Թորոսեան

. Դաշնակ, “The Swan”, Յովիկ Փոլաճեան

. Կիթառ եւ Թմբուկ, “Medley”, Տիգրան Փուշմանեան, Ալեքս Մանուկեան, Հրակ Սարգիսեան

. “Beat Box” Կարօ Գասպարեան

. “Սքէչ”   Գէորգ Չոպանեան, Ժիրայր Թոսունեան, Ալեքս Առաքելեան, Գօգօ Ֆրէնկիչեան

. Երգ, “Writings On The Wall”, Լիւսի Աւետիսեան

. “Սքէչ” The King and the Queen (11րդ դասարան՝ SE)

. Պար, “Lean On” Լարա Պետոյեան, Քրիսթին Հալլաճեան

. “Սքէչ” Ալեքս Առաքելեան, ժիրայր Թոսունեան

. Christmas Carols (12րդ դասարան՝ LS/GS/SE)

. Սանթա Քլոզի ժամանում, երգեցողութիւն եւ երաժշտութիւն

Աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ այս գեղեցիկ կատարողութիւններուն ու ցուցադրութիւններուն, նաեւ երգիծախառն ու զուարճալի երեւումներուն, ուր ամէն ոք իր շնորհալիութիւնն ու ձեռքերը կը ցուցաբերէր:

Ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան ջերմապէս շնորհաւորեց հանդէս եկող աշակերտ-աշակերտուհիները, դրուատելով անոնց բերած նպաստը ամանորեան այս ձեռնարկին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Պրն. Ռաֆֆի Տէր-Առաքելեանին, որ կրցաւ կազմակերպել եւ յայտագրել այս բոլորը յաջողութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ:

BeFunky Collage

Պրն. Տնօրէնը, այս առիթով բոլորին նոր տարին ու Ս. Ծնունդը շնորհաւորեց, մաղթելով բարեբեր տարի մը, ուսումնական յաջողութիւններով եւ առողջական ցանկութիւններով:

Յիշեցնենք թէ՝ առաւօտուն, աշակերտութիւնը հաղորդութիւն առաւ, Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանի օրհնութեամբ ու պատգամով, որ այս առիթով անդրադարձաւ հաղորդութեան խորհուրդին եւ անկէ սորվելու դաստիարակութեան իմաստին:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *