Աշխատանքը Երջանիկ Կեանքի Բանալին Է

Gianni AsdourianՃիանի Աստուրեան (8-րդ Դասարան, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան)

Աշխատանքը մարդոց համար դժուար բան մըն է, ստիպողական չէ, բայց շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ լաւ աշխատանք չտանիս, կեանքի մէջ չես յաջողիր:

Լաւ աշխատանքը վստահաբար երջանիկ կեանքի բանալին է: Օրինակ՝ եթէ դպրոցը լաւ աշխատիս ապագային շատ բարձր դիրքի կրնաս հասնիլ, որովհետեւ 21-րդ դարուն կարելի չէ առանց ուսումի տեղ հասնիլ: Բայց փորձառութիւնը անհրաժեշտ է կեանքի մէջ յաջողելու համար: Պէտք է փորձառու ըլլաս, որպէսզի լաւ աշխատանք տանիս եւ աւելի յաջող, լաւ եւ երջանիկ կեանք վայելես:

Աշխատանք տանիլը՝ մանաւանդ լաւ աշխատանքը դժուար է եւ փորձառութիւն կ’ուզէ, սակայն նպատակասլաց աշխատանքը շատ դժուար չէ, եթէ փորձառու ես, կը յաջողիս եւ երջանկութեան բանալին կու գայ ձեռքերուդ մէջ:

 

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *