Իմ Երազային Աշխարհս

George HaddadՃորճ Հատտատ (7-րդ դասարան)

Տարի 2011:

Եւ ահաւասիկ խեղճ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի իր երկրորդ գաղթը: Հազիւ 9 տարեկան էի երբ մանկութեանս բոլոր յուշերը քանդուեցան: Անհրաժեշտ էր թողուլ մեր տունն ու տեղը եւ երթալ ուրիշ երկիր. նամանաւանդ երբ մեր կեանքը մատնուեցաւ վտանգի, հօրս գործարանը ամբողջովին կողոպտեցին, քանդեցին, իսկ միւս գործարանը արդէն իսկ մի քանի օրեր առաջ ռմբակոծեցին եւ բարեբախտաբար Աստուծոյ հրաշքով  հայրս ազատեցաւ: Մեր երեք ինքնաշարժները այրեցան եւ 30 գործաւորները վիրաւորուեցան: Շատ դժուար էր ինծի համար ձգել ընկերներս, հարազատներս, տունս եւ հեռանալ, բայց ստիպուած էինք: Եկանք եւ հաստատուեցանք Լիբանան որ ինծի համար օտար միջավայր մըն էր, նոր դպրոց, նոր ընկերներ, մէկ խօսքով՝ բոլորովին նոր կեանք: Այս նոր կեանքին հետ պէտք էր, որ ուզելով կամ չուզելով, համակերպէի, բայց եւ այնպէս քաղաքս, ծննդավայրս կը մնար իմ երազային աշխարհս: Միշտ կը յիշեմ դպրոցս, ուսուցիչներս ընկերներս եւ մանաւանդ մեր փողոցին եկեղեցիին զանգին ձայնը, որ բոլորիս աղօթելու կը կանչէր:

 

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *