Դարուհի-Յովակիմեան Երկրորդական Վարժարանին Մէջ. ՀԲԸՄիութեան Յոբելեանի Տպաւորիչ Նշում

15 Ապրիլ 2014-ը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 108-րդ տարեդարձն էր:

Այս առիթով ՀԲԸՄ Դարուհի-Յով1504hpem1-1ակիմեանի եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարաններու (միջնակարգ եւ երկրորդական) աշակերտութիւնը 15 ապրիլը վերածած էր ոգեկոչման օրուան մը` այս յոբելեանը նշելու պատշաճ ելոյթներով ու նախաձեռնութիւններով:

Առաւօտեան ժամը 7:30-ին ազդանշանը տրուեցաւ այդ բոլորին, նախ` հաւաքական աղօթք, ապա` միութեան ու Լիբանանի քայլերգները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 8:00-ին, որուն բացումը կատարեց հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ Պարոյր Աղպաշեան, որ արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ միութեան դերակատարութեան ու գործունէութեան, այնուհետեւ ներկայացուց օրուան բանախօսը` Լենա Գարակէօզեան-Իւրնէշլեան:

1504hpem1-(3)Լենա Իւրնէշլեան իր խօսքին մէջ բարեգործականի ծնունդն ու աւանդը, ներգործութեան եւ ազդեցութեան ոլորտները շեշտելէ ետք, կեդրոնացաւ հայու ինքնութեան ու պատկանելիութեան այն գործօններուն վրայ, որոնք հայ նոր սերունդը կը կապեն իր արմատներուն:

Հարցադրումներու կարգով (ինքնութիւն, լեզու, մշակոյթ, եւայլն), բանախօսը տուաւ իր բացատրութիւնները, մեկնաբանութիւններն ու պատկերացումները, որոնք նոր սերունդին համար ըլլալու են ուսանելի ու գործադրելի, արձանագրելով, որ Բարեգործականը կը մնայ այն բերքառատ դաշտը, ուր կարելի է դաստիարակուիլ ու կողմնորոշուիլ դէպի ճիշդ ու ամրակուռ ապագայ:

Ի վերջոյ, ան կոչ ուղղեց հաւատալ Բարեգործականին, հպարտանալ անով, զարգացնել զայն, քանի որ անոր կարիքն ու դերակատարութիւնը տակաւին զգալի են:

Ապա խօսք առաւ տնօրէն Արա Վասիլեան, որ մեծապէս գնահատեց բանախօսին խօսքը շնորհաւորելով զայն միութեան տարեդարձին իր մասնակցութիւնը բերած ըլլալուն համար:

Գեղարուեստական բաժինը ներկայացուցին վարժարանի աշակերտները` հսկողութեամբ հայ գրականութեան ուսուցիչ Սալբի Ճուլֆայեանի:
ՀԲԸՄ-ի պատմականը ներկայացուց Սէրլի Աճեմեան, «Հրաշք»-ը ասմունքնեց Յարութ Կիւլիւզեան, ջութակի եւ դաշնակի վրայ «Մեր հայրենիք»-ը նուագեցին Գարինա Թոքաճեան եւ Աւետիս Տագէսեան, Արմէն Տէր Պետրոսեան ասմունքեց Համօ Սահեանի «Հայաստան»-ը, «Գովք Հայաստանի» (Եղիշէ Չարենց) մեներգեց Քրիսթին Հալաճեան, Պ. Սեւակի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Տիգրան Փուշմանեան, իսկ Եղիշէ Չարենցի «Ծիածան»-ը` Լարա Պետոյեան, մենապարով հանդէս եկաւ Նարինէ Էքիզեան, խմբային ասմունք` «Հայաստան» (Արամայիս Սահակեան), ներկայացուցին 10-րդ դասարանի աշակերտները:

Երրորդ մասը նուիրուած էր մարզական բնոյթի էր` Ֆութպոլ, պասքեթպոլ, կարճ վազք, դրօշարշաւ, կազակերպութեամբ մարզիչ Գէորգ Կարապետեանի: Մարզական այս խաղերը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն եւ աշխուժութիւն, եւ աւարտին մրցանակակիրները արժանացան յուշամետալներու ու բաժակներու: Մրցող իւրաքանչիւր խմբակ, խորհրդանշականօրէն, անուանուած էր միութեան հիմնադիր անդամներու ու Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետերու անուններով:

Իսկ միութեան տարեդարձին առիթով հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչները կազմակերպած էին շարադրութեան մրցանքներ, որոնց յաղթողները պարգեւատրուեցան յուշանուէրներով:

 

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *