Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Մտերմիկ Հանդիպում` Շրջանաւարտ Բժ. Տիգրան Աբրահամեանի Հետ

Վարժարանս, իր ատենամարզանքի այլազան միջոցառումներու կողքին, յատուկ տեղ կը յատկացնէ նաեւ իր նախկին շրջանաւարտներուն ու սաներուն հետ կազմակերպելով հանդիպումներ, անոնք ըլլան Լիբանանէն թէ արտասահմանեան երկիրներէն:

Այս անգամ, հիւր-շրջանաւարտն էր` բժիշկ Տիգրան Աբրահամեան, նախկին լիբանանահայ, այժմ` Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն բնակիչը:

Հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան վերի կարգերու ուսուցիչ` Պրն. Պարոյր Աղպաշեան, որ վաղեմի բարեկամն ու մերձաւորն է բժ. Աբրահամեանին, հանգամանօրէն ներկայացուց անոր ճոխ ու բազմաբնոյթ կենսագրութիւնը- 1962ի շրջանաւարտ, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն քաղաքագիտութեան ճիւղէն շրջանաւարտ, հայկական, արաբական,  եթովպահայ վարժարաններէն ներս դասատու, հայ մամուլին մէջ յօդուածագիր, Երեւանի բժշկական համալսարանէն վկայուած բժիշկ. «Գեղարդ» տարածուն համացանցի հիմնադիր-հրատարակիչ, հայկական հարցի անխոնջ նուիրեալ եւ ընդհանրապէս հայ կեանքին մէջ աչքառու ներդրում ունեցող ազգային գործիչ:

Բժ. Աբրահամեան իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իր երբեմնի վարժարանի աշակերտութեան առջեւ, իր յետագայ ուսումնական եւ ասպարէզային յաջողութիւնները վերագրելով այս կրթօճախին, զայն նմանցնելով տիեզերքի եւ անոր շուրջ գտնուող աստղերուն, ապա, դիտել տալով որ իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է դառնայ լուսաւոր աստղ մը, ի ծառայութիւն իր ժողովուրդին:

Այնուհետեւ, ան վերյիշեց կարգ մը պատկերաւոր եւ յիշարժան յուշեր,  մասնաւորի վաստակաւոր իր ուսուցիչներէն, որոնք ոչ միայն կրթութիւն ու գիտութիւն ջամբած են, այլեւ` հայրենասիրական ոգի եւ ազգային դաստիարակութիւն, երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց եւ դպրոցին շինիչ դերակատարութեան նկատմամբ:

Մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր հիմնած համացանցային դրութեան` «Գեղարդ»ի, ստեղծման պարագաներուն, անհրաժեշտութեան ու հրամայականութեան, օտարներուն Հայ Դատը ծանօթացնելու, իր բազմաբնոյթ տարբերակներով ու հետապնդումներով, համապատասխան մասնագէտներով ու փորձագէտներով:

Բժիշկը կոչ ըրաւ հարազատ մնալու Մեսրոպ Մաշտոցի լեզուին, Վարդան Մամիկոնեանի հաւատամքին, Մովսէս Խորենացիի պատգամին, Զօր. Անդրանիկի մարտունակութեան եւ ընդհանդապէս հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման գործոններուն:

Մինչ Աբրահամեանին կը նուիրուէր գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը, աշակերտութիւնը խանդավառ ծափերով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէր:

Ընդհանուր Տնօրէն` Պրն. Արա Վասիլեան, իր անխառն շնորհակալութիւնը յայտնեց այս գօտեպնդիչ ու բովանդակալից զեկուցումին համար, նաեւ` իր եւ դպրոցին հպարտութիւնը, նման արժանաւոր շրջանաւարտ մը ունենալնուն, թուելով բժշկին մասնագիտական-ասպարէզային յաջողութիւնները, սկսելով դպրոցէն, համալսարաններէն, ազգային-կրթական բնագաւառներէն մինչեւ համացանցային դաշտը:

Print Friendly, PDF & Email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *